«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

«Յուշատետր»ի խնդիր Մաքրուհի Պ. Յակոբեանին

Առաւօտուն, ժամը մօտաւորապէս տասնին, երբ կ'աւարտենք լուրերը խմբագրելու ու զանոնք կարդալով սրբագրելու աշխատանքը, եւ երբ մեր սուրճը չենք խմած տակաւին, գլխաւոր օգնականուհիս կ'ըսէ.
-Հիմա «Յուշատետր»ը կարդանք:
Ո՜վ գիտէ քանի հազար անգամ նոյն այս ժամուն ան կրկնած է այս նախադասութիւնը: Եւ ես ալ ով գիտէ քանի հազար անգամ մեծ ուրախութեամբ սպասած եմ որ կարգը գայ այս նախադասութիւնը լսելու:
-Հիմա «Յուշատետր»ը կարդանք:
-Այո՛, կարդանք, կը պատասխանեմ:
Քով քովի նստած՝ համակարգիչի պաստառին վրայ կը կարդանք օրուան «Յուշատետր»ը: Ո՜վ գիտէ քանի հազարերորդ անգամ ըլլալով է որ ան կը դառնայ Յուշատետրի առաջին ընթերցողը: Գրաշարական ինչ ինչ սխալներ կան, որոնք իմ աչքէս կը վրիպին, բայց անոր աչքէն չեն վրիպիր: Կը կարդանք, կը վերջացնենք: Գլխու շարժումով մը հաւանութիւն կը յայտնէ: Կամ «Շատ լաւ է» կ'ըսէ: Այսքա՛ն: Ես վստահութիւն ունիմ անոր ճաշակին վրայ: Բնաւ չի պատահիր որ իրեն հարցնեմ թէ ի՞նչպէս գտաւ օրուան «Յուշատետր»ը: Եթէ լաւ չէ, անպայման պիտի ըսէ.
-Ասիկա չհրատարակենք:
Բայց պատահած չէ որ ըսէ այդ բանը: Ամէն առտու ժամը գրեթէ տասնին երբ կը կարդանք օրուան «Յուշատետր»ը, չենք գիտեր թէ քիչ վերջ քանի՞ հոգի պիտի կարդայ զայն: Բայց հիմա, սա վայրկեանին դեռ միայն երկու հոգի կարդացած է: Եւ «Յուշատետր» մըն ալ աւելցած է հաւաքածոյին վրայ: Կը ձայնեմ էջադրող մեր ընկերուհիին, որ կ'աշխատի քովի սենեակին մէջ:
-«Յուշատետր»ը կրնաս առնել:
Թէքնիք հրաշալի յառաջդիմութիւնը այլեւս հաց ուտելու, ջուր խմելու պէս սովորական դարձուցած է ամէնէն անհաւատալի հրաշքներն իսկ: Էջադրող մեր ընկերուհին իր համակարգիչին վրայ կոճակի մը վրայ կոխելով կը կապուի իմ համակարգիչիս ու հոնկէ իր գործիքին կը փոխադրէ իմ «Յուշատետր»ը: Օրուան «Յուշատետր»ը իր տեղը կÿառնէ օրուան թերթին մէջ:
Հիմա հանգիստ սրտով կրնանք խմել մեր սուրճը, բայց դեռ ականջներուս մէջ կրնայ հնչել օգնականուհիիս ձայնը.
-Հիմա «Յուշատետր»ը կարդանք:
Ես հրաշալի կը նկատեմ այս նախադասութիւնը, բայց մասնաւոր պատճառներ ունի ատոր համար: Եւ ահա թէ ինչ:
Գլխաւոր օգնականուհիս բնաւ չի հարցներ.
-Այսօր «Յուշատետր» պիտի հրատարկե՞նք:
Բնաւ չի հարցներ.
-Այսօրուան համար ալ «Յուշատետր» մը կրցա՞ք գրել:
Բնաւ չի հարցներ.
-Այսօր չափազանց շատ նիւթ կայ, արդեօք «Յուշատետր»ը չդնե՞նք:
Բնաւ չի հարցներ.
-Այս «Յուշատետր»ը ե՞րբ գրեցիք:
Բնաւ չ'ըսեր.
-Եթէ կ'ուզէք, ես առանձին կարդամ:
Միայն կ'ըսէ.
-Հիմա «Յուշատետր»ը կարդանք:
Եթէ ինծի հարցուի, իմ «Յուշատետր» կոչուած սիւնակին ամբողջ խորհուրդը խտացած է այս նախադասութեան քանի մը բառերուն մէջ: Խորհուրդն այն է որ «Յուշատետր»ը անպայման գրուած է եւ անպայման պիտի հրատարակուի: Ասիկա կարծես զինուորական կարգապահութեան խնդիր է: Կամայական որեւէ կարգադրութիւն, նախատեսուած յայտագրէն որեւէ շեղում չկայ: Կրնամ նոյնիսկ ըսել որ օգնականուհիիս նախադասութիւնը հրամայական մըն է.
«Հիմա Յուշատետրը կարդա՛նք» կ'ըսէ: Չի հարցներ. «կարդա՞նք»:
Ան նաեւ բնաւ չի հարցներ թէ այսօրուան «Յուշատետր»ը ի՞նչի մասին է: Պէտք չկայ, պիտի տեսնէ քիչ վերջ: Որեւէ անակնկալ չկայ ոչ իրեն համար, ոչ ինծի համար: Ասիկա պարտք մըն է ընթերցողին նկատմամբ: Կամ պարտականութիւն մը ընթերցողին վրայ: Կամ խօսակցութիւն մը ընթերցողին հետ: Բան մը՝ որ այսպէս եկած է ու այսպէս պիտի երթայ մինչեւ որ լսուի բախտորոշ «Մինչեւ հոս»ը: Բայց կը հաւատանք որ դեռ ժամանակ կայ: Ես գլխաւոր օգնականուհիիս ոչինչ ըսած եմ, բայց ան գիտէ որ միշտ ալ առնուազն յիսուն «Յուշատետր» կայ արդէն գրուած՝ պահեստի էջերուն վրայ: «Յիսուն «Յուշատետր» որոնք պիտի հրատարակուին շաբաթը հինգ օր: Ինչ որ կը նշանակէ տասը շաբաթ: Մօտաւորապէս երկուքուկէս ամիս: Երկուքուկէս ամիս, նոյնիսկ եթէ այսքան ժամանակի ընթացքին մէկ հատ իսկ նոր բան չգրեմ: Բայց չգրե՞լ: Եթէ կրնամ գրել, չգրելը տառապանք չէ՞: Ամէն օր պէտք է գրուի, ամէն օր պէտք է հրատարակուի: Միայն Շաբաթ օրն է որ «Յուշատետր» չկայ: Գլխաւոր օգնականուհիս պատահած չէ որ օրը շուարի ու Շաբաթ օրով ըսէ.
-Հիմա «Յուշատետր»ը կարդանք:
Պատահած չէ որ Շաբաթ օր մը հարցնէ.
-Ի՞նչ կ'ըսէք, այսօր ալ «Յուշատետր» մը հրատարակե՞նք:
Ես իմ «Յուշատետր»իս հետ նոյնացած երջանիկ մարդ եմ:

Ռ. Հատտէճեան«Կեանքը խմբագրատունէն ներս»
(Յուշատետր - 71)