Ի՞նչ կը հասկնանք երիտասարդ բառը լսելով: 
Թարմ մտածողութեան տէր, անսպառ կորով ունեցող, ըմբոստ, կաղապարները փշրող, լաւատես եւ համարձակ հայ տղոց պատկերը մեր մտքին մէջ կը ձեւաւորուի, ամէն անգամ որ երիտասարդ բառը կը լսենք:

Այս յատկութիւններուն կողքին, մեզի համար անգերադասելի է հիմնական մէկ այլ յատկանիշ եւս՝ մարդկային վեհ արժանիքներուն հաւատացող եւ սկզբունքային կեցուածքներու տէր անձերու կերպարը, որ որեւէ կաշկանդում չի ճանչնար իր նպատակին հասնելու համար:

Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ 31 տարիներ առաջ, հինգ երիտասարդ հայորդիներու կողմէ կատարուած հերոսական արարքը՝ ճիշդ այս յատկանիշներէն բխող երիտասարդ մարդոց տեսլականին արդիւնքն էր, որ իր ծանրակշիռ շեշտը կուգար դնելու Հայ Դատի պայքարին մէջ, նոր էջ մը բանալով համայն հայութեան առջեւ:
Գաղափարական ու քաղաքական իւրայատուկ պատրաստութեամբ, բայց նաեւ կեանքին հանդէպ երիտասարդ մարդու բնական ծարաւով օժտուած հինգ երիտասարդները, վայրկեան մը նոյնիսկ չի տատամսեցաւ, Լիզպոնի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը գրաւելով եւ անձնասպանական արարքի դիմելով, անջընջելի նշանակութեամբ բարձր կէտ մը նշանակելով, հայութեան արդար տենչերու հատուցման երկար ճանապարհին վրայ:
Լիզպոնի տղոց արարքը տարիներով ներշնչեց ու տոգորեց հայ երիտասարդ սերունդները որոնք սփիւռքի մէջ Հայոց Դատի պայքարը տարին, ղեկավարող սերունդներ դարձան, ապա նաեւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի ու Արցախի երիտասարդութեան կողքին:
Անցնող 31 տարիներուն ընթացքին հայ երիտասար- դութիւնը շատ փուլերէ անցաւ, ուղղակիօրէն ազդուելով հայկական աշխարհի բայց նաեւ համաշխարհային գետնի վրայ կատարուած փոփոխութիւններէն: Ապաքաղաքականացած մթնոլորտը, հաղորդակցական նոր միջոցները, հակագաղափարական շարժումները, կամ աւելի գէշ՝ ծայրայեղ գաղափարաբանութիւններով առաջնորդուող խումբերը՝ այլանդակեցին քաղաքական միջավայրը, օտար ու խորթ գաղափարներ եւ մշակոյթներ տարածելով:
Այս բոլորին դէմ կանգնելու համար, աւելի քան երբեք, հարկ է յանձնառու եւ գիտակից երիտասարդութեան ներկայութիւնը, որ պիտի սիրէ ու պահպանէ ազգայինը, հայկականը, պիտի հպարտանայ իր արժէքներով ու մշակոյթով, պիտի վերակենդանացնէ իր լեզուն եւ պիտի յարգէ իր արմատները: Շարունակական պայքար մըն է, որ ընդմիշտ կ'երկարի, երեսներ փոխելով: Ձուլումին ու անտարբերութեան դէմ պայքարն է որու առաջնորդը՝ բնականաբար, երիտասարդութիւնը կոչուած է ըլլալու: