Չարենցի տուն-թանգարանը
Չարենցի տուն-թանգարանը կը գտնուի Երեւան, բանաստեղծին կեանքի վերջին տարիներուն ապրած բնակարանին մէջ։

Աւելի ուշ թանգարանին տրամադրուեցաւ յաւելեալ երկու յարկաբաժին եւս։
Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ հաւաքուած են չարենցեան շուրջ 5.300 անձնական իրեր, իսկ ցուցանմոյշներուն ընդհանուր թիւը 15 հազարը կ'անցնի։
Վերականգնուած է բանաստեղծին աաշխատասենեակը։ Երեք սրահներուն մէջ ներկայացուած են անոր կեանքն ու ստեղծագործութիւնը։ Թանգարանին մէջ կը գործէ մնայուն ցուցահանդէս մը՝ «Չարենցը՝ կերպարուեստին մէջ» թեմայով։ Պարբերաբար կը կազմակերպուին բանաստեղծութեան օրեր, չարենցեան ընթերցումներ։
Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ նաեւ կը տարուի գիտական աշխատանք։ Հոսկէ կ'օգտուին գրականագէտներ, համալսարանական ուսանողներ, եւայլն։

Սեւակի տուն-թանգարանը
Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանը կը գտնուի Արարատի շրջանի Սեւակաւան (նախկին Չանախչի, ապա՝ Սովետաշէն) գիւղը, բանաստեղծին ծննդավայրին մէջ, նորակառոյց տան կից։
Թանգարանը բաղկացած է մէկ յարկաբաժինէ, որուն ընդարձակ սրահին մէջ, առանձին ենթաբաժիններով ցուցադրուած են բանաստեղծին կեանքին եւ գրական գործունէութեան տարբեր փուլերուն վերաբերող ցուցնմոյշներ (անձնական իրեր, վաւերագիրներ, գրառումներ, առանձին ձեռագիրներու պատճէններ, տարբեր լեզուներու հրատարակութիւններ, եւայլն)։
Ցուցանմոյշներուն ընդհանուր թիւը կը հասնի շուրջ 700-ի։
Սեւակի տուն-թանգարանին մէջ եւս կը տարուին գիտական աշխատանքներ, կը կազմակերպուին սեւակեան բանաստեղծութեան օրեր եւ ընթերցումներ։ Կ'ունկնդրուին նաեւ Պ. Սեւակի բանաստեղծութիւններու ձայնագրութիւնները՝ իր իսկ ընթերցումով։ Թանգարանային արժէք ունի նաեւ հայրական տունը, ուր ծնած է Պ. Սեւակը։ Թանգարանին բակին մէջ կը գտնուի բանաստեղծին գերեզմանը։

Թումանեանի տուն-թանգարանը
Յ. Թումանեանի տուն-թանգարանը կը գործէ 1953-էն ի վեր, Երեւանի մէջ։ 1969-ին, գրագէտին ծննդեան 100-ամեակին առիթով կառուցուեցաւ երկյարկանի շէնք մը, որուն ցուցասրահներուն մէջ հաւաքուած են Թումանեանի գրական, հասարակական գործունէութեան եւ կեանքին վերաբերող նիւթեր եւ իրեր։
Առաջին յարկին վրայ է «Լոռուայ Ձորը» բնապատկերը։ Երկրորդ յարկի հինգ սենեակներուն մէջ վերըստեղծուած է թիֆլիսեան այն բնանկարը, ուր բանաստեղծը ապրեցաւ իր կեանքին վերջին 14 տարիները։
Թանգարանին գրադարանը ունի շուրջ 8 հազար գիրք։ Թումանեանի տուն-թանգարանը միաժամանակ գիտահետազօտական կեդրոն է։ Հոս կան գրողին փաստաթուղթերուն եւ ձեռագրի պատճէններուն արխիւները, անոր հայերէն աւելի քան 30 լեզուներով թարգամնուած երկերու առանձին հրատարակութիւններու ֆոնտը եւ այլ հաւաքածոներ։

Բակունցի տուն-թանգարանը
1970-էն ի վեր Գորիսի մէջ կը գործէ Ա. Բակունցի տուն-թանգարանը այն բնակարանին մէջ, ուր ապրած եւ ստեղծագործած է գրագէտը։ Զանազան սենեակներու մէջ ցուցդրուած են Բակունցի անձնական իրերը, ինչպէս նաեւ՝ ծնողներուն, Գէորգեան ճեմարանի ուսուցիչներուն եւ իր լուսանկարները։
Փաստագրական նիւթերը կը պատմեն գրողին զինուորական կեանքին եւ համալսարանական տարիներուն մասին։
Առանձին սրահ մը յատկացուած է գրողին գրական գործունէութեան։ Հոն ցուցադրուած են անոր երկերուն առաջին հրատարակութիւնները, յօդուածները, ճառերը եւ բազմաթիւ լեզուներով թարգմանուած գործերը։
Բակունցի տուն-թանգարանին մէջ պահպանուած է նաեւ անոր անձնական գրադարանը։

 

Կ. Գ.