Հայաստանի 11 ազգային փոքրամասնութիւնները Հայաստանը այն եզակի երկիրներէն է, որը գրեթէ ամբողջովին միատարր է, հայերը 98%¬ը կը կազմեն, եւ միայն 2%¬ը այլազգիներ են։

Ժամանակ առ ժամանակ Հայաստանի փոքրամասնութիւններու ստուգատես կը կազմակերպուի։ Պարոնեանի անուան թատրոնին կամ ֆիլհարմոնիկի Փոքր դահլիճի ճեմասրահներուն մէջ ցուցահանդէս բացուեցաւ, որմէ ետք համերգ տեղի ունեցաւ։ Ցաւօք, համերգի կազմակերպիչները մտահոգուած են միայն զուարճանքի կողմը ապահովելով, երգ, պար, համեմուած համերգ վարողներու թեթեւամիտ խօսքով, սակայն որքան աւելի օգտակար կ'ըլլար մէկ¬երկու ծանրակշիռ խօսք ըսել աշխարհով մէկ փոքրամասնութիւն կազմող ժողովուրդի բնօրրանին հայերու կողքին ապրող փոքրամասնութիւններու, անոնց վերաբերմունքի մասին մեր նկատմամբ, առանց փոքրամասնութիւններուն յատուկ շողոքորթանքի։

«Մոլոկօ, մոլոկօ» ¬ կաթ են ծախում մոլոկանները

Դպրոցին մէջ դասընկերուհի մը ունէի՝ Ալիկինա Մարիա, ան ունէր երկու եղբայրներ՝ Մոիսէյ եւ Միխայիլ, պարզ է, որ ռուսներ էին, շէկ մազերով եւ ճերմակ մորթով, սակայն ճերմակութիւնը կը հասնէր կաթնագոյնի, ես այն ժամանակ ի՞նչ իմանայի, որ անոնք մոլոկաններ են (մոլոկօ ռուսերէն կաթ կը նշանակէ). այդպէս կ'ըսեն ռուսներու մէջ կրօնական հողի վրայ առանձին էթնիկ խումբ կազմող ռուսերուն, որոնց դեռ եւս ԺԸ¬րդ դարուն արտաքսած են Ռուսաստանէն։ Դպրոցին մէջ բոլորս ալ նոյն պատանիներ էինք մեր երազանքներով եւ սիրահարուածութիւններով, սակայն մոլոկանները կþապրէին իրենց ներքին կեանքով, ուր ոչ մէկ օտարի համար տեղ չկար։ Անոնք կեդրոնացած էին Լոռի մարզի Ֆիոլետովօ եւ Լերմոնտովօ գիւղերուն մէջ. տուները զարդանաշխերով են ու բաղնիքներով, շատ մաքուր են, կանայք գլխաշոր կը կրեն, իսկ տղամարդիկ՝ մօրուք։ Սակայն մոլոկանները չեն մտներ ռուս փոքրամասնութեան մէջ, անոնց ոմանք կրօնական աղանդ կը համարեն, բայց  ի տարբերութիւն իսկական աղանդաւորներու, մոլոկանները երբեք չեն քարոզեր իրենց դաւանանքը եւ կը մնան միւսներու համար փակ եւ անհաղորդ։

Հայաստանի 11 ազգային
փոքրամասնութիւնները

Հայաստանը այն եզակի երկիրներէն է, որը գրեթէ ամբողջովին միատարր է, հայերը 98%¬ը կը կազմեն, եւ միայն 2%¬ը այլազգիներ են։ Առաջին մեծ խումբը կը կազմեն ռուսերը, ինչպէս միւս բոլոր նախկին սովետական հանրապետութիւններուն, սակայն այս տարիներուն անոնց թիւը խիստ նուազեցաւ՝ 50 հազարէ հասնելով 7 հազարի, թէեւ այս թիւն ալ յստակ չէ։ Սակայն ոչ միային ռուսերը հեռացան Հայաստանէն, նահանջեց նաեւ ռուսերէն լեզուն։ Իմ ամենասիրուած թատրոնը՝ Ստանիսլաւսկիի անուան ռուսական դրամատիկական թատրոնը զրկուեցաւ իր բարձր կարգավիճակէն. հեռացան ռուս դերասանները, իսկ այսօրուայ երիտասարդներու  ռուսերէն առոգանութիւնը կարծես այլմոլորակային է, եւ ես հիմա իմ սիրուած օճախի կողքով անցնում եմ, չունենալով արդէն ներս մտնելու ո՛չ ցանկութիւն, ո՛չ էլ համարձակութիւն...
Ճիշդ նոյն թիւը կը կազմէին եզդիները Հայաստանի մէջ՝ 50 հազար, որոնցմէ մնացած են 35 հազար՝ 2011-ի տուեալներով։ Եզիդները ունին ազգային միութեան պաշտօնաթերթ «Էզդիխանայ», տառերը ռուսերէն են։ Թերթի վրայ նշուած է, որ անոնց կրօնը կը կոչուի շաֆրադին։ Կարծիք կայ, որ եզդիներու կրօնը եզիդիզմն է, որ եզդիները եւ քիւրտերը նոյն ինքնութիւնը ունին եւ կը տարբերին միայն անով, որ քիւրտերը մուսուլմանացան, իսկ եզդիները մնացին արեւապաշտ, սակայն եզդիները կը շեշտեն, որ ծագումով անոնք Հնդկաստանէն են, մինչդեռ քիւրտերը Առաջաւոր Ասիայէն են։ Ի դէպ քիւրտերը, որոնց թիւը աշխարհի մէջ կը կազմէ 38 միլիոն, Հայաստանի մէջ ընդամէնը 2.162 են 2011-ի դրութեամբ (2001-ի տուեալներով 1519 էին)։
Ինքնութեան դժգոհութիւն ունին նաեւ ուքրանացիները ռուսներու հանդէպ, քանզի  ռուսերը միշտ համարած են անոնց  եղբայրներ, մինչդեռ ուքրանացիները համարած են ռուսերուն դրացիներ, այն ալ վատ դրացիներ, իսկ այսօրուայ դրութեամբ արդէն ոխերիմ թշնամիներ։ Յատկանշական է, որ յոյներու պելառուսներու, լեհերու, վրացիներու, ասորիներու թերթերը բացի իրենց մայրենի լեզուէն թարգմանաբար գրուած էին նաեւ ռուսերէնով, միայն ուքրանական թերթը գրուած է ուքրաներէն եւ հայերէն։ Հայաստանի մէջ ուքրանացիներու թիւը կը հասնի 2 հազարի։ Ի հարկէ շատերը կիներ են, որոնք որպէս հարս եկած են Հայաստան, սակայն Հայաստանը ունի շատ ճանչցուած փեսայ՝ ուքրանացի դիւանագէտ, թարգմանիչ Օլեքսանդր Բոժկոն, որը առաջին հերթին հայագէտ է, թարգմանած է «Սասունցի Դաւիթ» էպոսը, Մուշեղ Գալշոյեանի, Հրանդ Մաթէոսեանի, Ռաֆֆիի եւ ուրիշներու գիրքերը։ Ամուսնացած է թարգմանչուհի Ռաիսա Ղարագէօզեանի հետ եւ ունի երկու դուստր՝ Օլեսեա եւ Արմինէ։
Ամուսնութիւնը առիթ հանդիսացաւ Հայաստանի մէջ բնակիլ նաեւ պելառուսերուն, որոնց թիւը սակայն 500-է նուազած է մինչեւ 150-ի, թէեւ այդ ալ ստոյգ չէ։ Աւելի քիչ է լեհերու թիւը Հայաստանի մէջ, թէեւ կը տպագրուի Հայաստանի մէջ լեհերու միութեան «Polonia» հանդէսը, իսկ ստուգատեսներուն անոնք  միշտ հանդէս կուգան երգչախումբով, որը կը տարբերի հրաշալի տարազով։ Մինչեւ Սովետի փլուզումը իմ ամենամտերիմ բարեկամներէն էր Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայէն եկած Մարիան, որը ամուսնացած էր հայազգի ճարտարագէտի մը հետ եւ կþաշխատէր Երեւանի համալսարանին մէջ։ Մարիայի հայրն ալ հայ էր՝ Լվով քաղաքէն (Լեհաստանի կազմով՝ 1939-էն՝ Ուքրանիայկ), ժամանակին ազգանունը Մովսէսեան էր, բայց վերափոխուեցաւ Մոյզեսովիչի։ 90-ական թուականներուն Մարիան վերադարձաւ Վարշաւա, պահպանելով Հայաստանեան տարիները իր մէջ որպէս ամենավառ յիշողութիւն։


Դրախտէն ծաղիկներ մնացին

Հին, նոյնիսկ հնագոյն ազգերէն են բացի եզդիներէն, նաեւ ասորիները, որոնք կորսնցուցած են իրենց պետութիւնը այն ժամանակ, երբ միւս ազգերը դեռ չեն ալ ծագած։ Ասորեստանը ապրեցաւ 24-7 դարերուն մեր թուարկութենէն առաջ, այսօրուայ Իրաքի տարածքի վրայ։ Հայաստանի մէջ 2011-ի դրութեամբ ասորիներու թիւը կը կազմէր 2769-ը, թէեւ կը նշէ նաեւ 7 հազար թիւը։ Ի՞նչ մնաց այդ երբեմնի հզօր երկրէն։ Ծափահարենք անոնց երգն ու պարին, զմայլուենք դիմագիծերով, յղկուած դարերու ընթացքին... Կրկին կը դիմեմ յիշողութեանս արկղիկին եւ աչքիս առաջ  կուգայ Մարի անունով իմ շատ մտերիմ ընկերուհիս, կանաչ աչքերով եւ ցած թաւշեայ ձայնով, որը ներգաղթած էր Իրանի Նոր Ջուղայէն, միջոց մը երգեց Կոնստանտին Օրբելեանի էստրատային խումբին մէջ, իսկ 90-ական թուականներուն արտագաղթեց ԱՄՆ,  թողնելով այստեղ իր ասորի մօրը։
«Իմ անունը Ռախիլ է», ¬ կը պատմէ ֆիլհարմոնիայի փոքր դահլիճին մէջ կողքս նստած կին մը Հոկտեմբերեանէն, «կը նշանակէ դրախտի ծաղիկ։ Հայերը 4-րդ դարուն ընդունեցին քրիստոնէութիւնը, ասորիները՝ առա»ն դարուն, դուք Զատիկը երեկոյեան կը տօնէք, մենք՝ առաւօտեան, մեր այբուբենը 22 հիմնական տառ ունի եւ 7 տառ լրացուցիչ, կէտիկը վերեւը Ա տառն է, իսկ ներքեւ՝ Ի, աջից ձախ կը գրենք։ Կը բնակինք Արարատեան մարզի Դիտիտրով գիւղին մէջ, Վերին կամ Այսօրի Դուին, ուր երկու ասորի եկեղեցի կայ, Կոտայքի մարզի Արզնի գիւղին մէջ, իսկ մենք Հոկտեմբերեանէն ենք, ուր 150 ասորիներ կան»։
Հայաստանի յոյները պոնտացի յոյներու ժառանգներն են, գաղթած Կարսի եւ Տրապիզոնի նահանգներէն։ Անոնք հիմնականին մէջ Ալաւերտի կը բնակին, ուր պղնձաձուլական գործարանը կ'աշխատին։ Կայ յունական գիւղ Եաղդան, յոյներ կան նաեւ Վանաձորի, Կիւմրիի, Արցախի մէջ, անոնց յունարէնը               պոնտական բարբառն է, ցեղասպանութեան յիշատակի օրը՝ Մայիսի 19-ը։ Տուեալները յոյներու թիւի վերաբերեալ Հայաստանի մէջ շատ տարբեր են. 900է մինչեւ 4 հազար։
Գերմանացիները Հայաստանի մէջ միաւորուած են «Տեւտոնիա» մշակութային հասարակական կազմակերպութեան շուրջ, որու ղեկավարն է Վիքտոր Վոխրերը։ 125 գերմանացիներ են, որոնց բուն գերմանացիները ռուս կը համարուին, քանզի անոնք ռուսացած են։ Օգոստոս 28-ը անոնց յիշատակի օրն է, 1941-ի այդ օրը որոշուեցաւ Սովետական Միութեան մէջ ապրող գերմանացիներուն աքսորել Սիպերիա եւ Ղազախըստան։ Նշենք նաեւ վրացիներուն որպէս փոքրաթիւ ազգային փոքրամասնութիւն՝ երեւի 600 հոգինոց, լոյս կը տեսնէ «Իվերիա» վրացական բարեգործական համայնքի թերթը։
Դէ, որո՞ւն մոռցանք։ Կարծես հրեաներուն, որոնք սակայն իրենց միշտ կը յիշեցնեն իրենց մասին, երգերով ու պարելով «հավա նագիլա», որը կը նշանակէ «եկէք ուրախանանք»։

Ծովինար Լոքմակէօզեան

 

Հայաստանի յոյները պոնտացի յոյներու ժառանգներն են, գաղթած Կարսի եւ Տրապիզոնի նահանգներէն։ Անոնք հիմնականին մէջ Ալաւերտի կը բնակին, ուր պղնձաձուլական գործարանը կ'աշխատին։ Կայ յունական գիւղ Եաղդան, յոյներ կան նաեւ Վանաձորի, Կիւմրիի, Արցախի մէջ, անոնց յունարէնը պոնտական բարբառն է, ցեղասպանութեան յիշատակի օրը՝ Մայիս 19-ը։
Տուեալները յոյներու թիւի վերաբերեալ Հայաստանի մէջ շատ տարբեր են. 900է մինչեւ 4 հազար։