Յառաջաբան

«Անշուշտ հայ եմ»՝ 80-ամեայ պէյրութաբնակ այր,
«Լիբանանցի եմ, բայց արաբ չեմ»՝ 40-ամեայ պէյրութաբնակ կին,
«Նախ լիբանանցի եմ, յետոյ՝ հայ»՝ 35-ամեայ պէյրութաբնակ այր,
«Լիբանանահայ եմ, ամերիկահայի նման»՝ 22-ամեայ պէյրութաբնակ օրիորդ,
«Կը նախընտրեմ ծագումով հայ եմ ըսել»՝ 20-ամեայ պէյրութաբնակ օրիորդ,
«Անշուշտ լիբանանցի եմ»՝ 18-ամեայ պէյրութաբնակ այր:
Ծանօ՞թ արտայայտութիւններ:

Վիճելի՞ արտայայտութիւններ:
Ո՞ր պատասխանը ճիշդ է, կամ սխալ:
Եթէ այդպէս է, ո՞ւր է խօսքի ազատութիւնը:
Արդեօք պատասխանը խօսքի ազատութեան հե՞տ կապ ունի:
Ընկերալեզուաբանականօրէն ինքնութեան մասին արտայայտութիւնները եւ անոնց յարուցած հարցադրումները նորութիւն մը չեն, ո՛չ ալ սահմանափակուած են Լիբանանի մէջ գտնուող հայ համայնքի անդամներով: Այս նիւթը համաշխարհային բնոյթ եւ դարերու պատմութիւն ունի, մանաւանդ սփիւռքի մէջ՝ փոքրամասնութիւն եւ մեծամասնութիւն կազմող լեզուներու ընկերութիւններու անդամներու համար:
Ներկայիս, հաղորդակցութեան եւ փոխադրամիջոցներու ճարտարարուեստներու, համացանցի եւ արբանեակային հեռատեսիլի կայաններու աննախընթաց յառաջխաղացքը հարցականի տակ առած է եւ հարցման նշաններ ստեղծած է այն բոլորին շուրջ, որոնք կապ ունին մայրենիին հետ՝ մայրենի լեզու, մայրենի մշակոյթ եւ մայրենի ինքնութիւն:
Պատահական չէ, որ շատեր կը հաւատան, ներառեալ՝ կարգ մը լեզուաբաններ, որ ժամանակավրէպ է խօսիլ մայրենի լեզուի կարեւորութեան մասին՝ կայուն, ինքնավստահ եւ զօրաւոր ազգային եւ անհատական ինքնութիւն մը կերտելու համար:
Տակաւի՛ն:
«Ազգային ինքնութիւն-մայրենի լեզու»ի խիստ անքակտելի միաւոր մը ըլլալը, անոնց մօտէն իրարու հետ առնչուած ըլլալը, երկուքին կարեւորութիւնը եւ եզակիութիւնը՝ գործնական ըլլալու պատրուակով, առասպել մը կը թուին ըլլալ:
Բաւարար է թերթատել լեզուաբանական հատորներ եւ ակադեմական պարբերաթերթեր՝ ըմբռնելու համար նման ձգտումներու ստեղծած ահազանգային վիճակը, ընկերալեզուաբաններու մտավախութիւններուն լրջութիւնը եւ անոնց ձեռնարկած դարմանումի ծրագիրներուն արհեստավարժութիւնը:

Մայրենի լեզու
եւ ինքնութեան մշակում

Իմպընզ-Պէյլի եւ Ֆինի հարցազրոյցներ կատարած են Ամերիկայի մէջ հայ, վիեթնամցի եւ մեքսիքացի ընտանիքներու երկրորդ եւ երրորդ սերունդի զաւակներու հետ՝ սերտելու անոնց մայրենի լեզուի ատակութիւնը: Ըստ արդիւնքներուն, այդ մանուկները եւ երիտասարդները, որոնք երկլեզու էին, այսինքն կը խօսէին իրենց մայրենի լեզուն եւ անգլերէն, աւելի մօտ կը զգային իրենց ընկերութիւններուն եւ կը հաստատէին իրենց մայրենի լեզուին դրական ազդեցութիւնը իրենց ինքնութեան վրայ, քան անոնք, որոնք միայն անգլերէն կը խօսէին:
Այսօր յունական, իտալական եւ չինական կարգ մը գաղութներ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ զօրաշարժի ենթարկուած են‘ պահպանելու իրենց նախահայրերուն լեզուները սփիւռքի մէջ, որովհետեւ, ինչպէս Թապուրէ-Քելըր եւ Սուլէյման կը հաստատեն, անոնք
- անհրաժեշտ կը նկատեն հայրենիքի հանդէպ կապուածութիւնը,
- դրական կեցուածք սկսած են մշակել իրենց լեզուին հանդէպ,
- կ՛ուզեն կառչիլ իրենց կրօնական իւրայատուկ ծէսերուն,
- հպարտ կը զգան անգամ մը եւս իրենց ժառանգութեամբ,
- մտադրած են օգտուիլ իրենց լեզուին հրամցուցած արժէքներէն,
- սկսած են գիտակցիլ ազգային միասնականութեան կարեւորութեան:
Այս բոլորը կարելի կը դառնայ, կը պնդեն հետազօտողները, որովհետեւ մայրենի լեզուն անհրաժեշտ է մշակելու՝
- ազգային պատկանելիութիւն,
- ազգային պատմութեան հանդէպ հաւատարմութիւն,
- ազգային սովորութիւններ,
- մանկական յիշատակներ,
- յատուկ ազգային, մայրենի եւ հարազատ ինքնութիւն:
Ըստ ընկերալեզուաբաններ Ֆիշմընի եւ Քրամշի սերտողութիւններու արդիւնքներուն, մայրենի լեզուէ զրկուիլ՝ կը նշանակէ զերծ մնալ՝
- արմատներու հասկացողութենէն,
- լեզուական եզակիութենէ,
- լեզուական իրաւունքէ,
- լեզուական յատուկ, իւրայատուկ եւ հարուստ ինքնութենէ,
- մտային կարողութիւններու լաւագոյն օգտագործումէ,
- պատմական ժառանգէ,
- ստեղծագործական կարողութենէ,
- տարբեր աշխարհայեացքէ:
Թենընպաում եւ Ճայլզ կը զգուշացնեն, թէ մայրենի լեզուի կամ անոր ուսուցման հանդէպ ժխտական դիրք ունենալը կ՛առաջնորդէ՝
- ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մասնակցութեան տկարացման,
- աւանդական արժէքներէ հեռացման,
- աւանդական լեզուի ուսուցման բացակայութեան,
- ինքնութեան հետ առնչուած զանազան բարդոյթներու,
- մեծ հայրերու եւ մայրերու հետ հաղորդակցութեան խզումին,
- պատկանելիութեան զգացումներու կորուստին,
- ստորադասութեան, երկրորդ կարգի քաղաքացիի եւ տկարութեան զգացումներու,
- տան մէջ մայրենի լեզուին գործածութեան պակասին:
Պատահական չէ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն 1999-ին փետրուար 21-ը Մայրենի լեզուի համաշխարհային օր յայտարարեց:
Հա՞յ, լիբանանցի՞, լիբանանահա՞յ, թէ՞ ծագումով Հայ
Հայ, լիբանանցի, լիբանանահայ եւ ծագումով հայ՝ կը ներկայացնեն ինքնութիւններ եւ ինքնութիւններու զանազան կարելիութիւններ:
Կրնանք համաձայն գտնուիլ կամ ոչ, սակայն Լիբանանի մէջ 99 տարիներ ապրելէ ետք այնպէս կը թուի, թէ հայ համայնքի անդամներուն համար նշուած բոլոր կարելիութիւնները գոյութիւն ունին: Իւրաքանչիւր կարելիութիւնը ունի իր թունդ հաւատացողը, ջատագովը եւ քննադատողը:
Եթէ կ’ակնկալէք, թէ որպէս ընկերալեզուաբան ընդգծեմ ամէնէն ճիշդ պատասխանը, պէտք է ըսել, որ աւելի անհրաժեշտ է ընդգծել հարցին խրթին եւ բարդ բնոյթը, քան՝ ճերմակ կամ սեւ բնութագրում մը տալ անոր:
Բացատրեմ՝ ենթահող ունենալով վերոյիշեալ ակադեմական պրպտումներու եզրակացութիւնները, աւելցնելով անոնց վրայ կատարած սերտողութեանս արդիւնքները:
Ինքնութեան հարցը կատարած սերտողութեանս կարեւոր մէկ մասն էր, որ կ’ընդգրկէր հարցումներ՝ ազգային, մշակութային, քաղաքական, ընկերային, լեզուական եւ կրթական ինքնութիւններու մասին: Հետազօտութիւնը ներառեց 18-80 տարեկան պէյրութաբնակ հայեր, որոնք վերոյիշեալ պատասխանները՝ հայ, լիբանանցի, լիբանանահայ եւ ծագումով հայ, տուին: Իւրաքանչիւրը ունէր իր պատճառը, ենթահողը եւ ըմբռնումները ինքզինք այդպէս դիտելու կամ զգալու, որ իսկապէս աննախընթաց յայտնագործում մըն է որեւէ ընկերալեզուաբանի եւ մանաւանդ հայ ընկերալեզուաբանի մը համար: Այդպէս է, որովհետեւ այդ առիթը կ’ընծայէ փնտռելու պատասխաններուն զանազանութեան ետին հանդիսացող պատճառները:
Արագ եւ ընդհանուր գիծերու մէջ թուենք, հարցազրոյցներու ընդմէջէն յայտնաբերուած տուեալներու վրայ հիմնուած, որոշ ակադեմական եզրակացութիւններ՝ առանց ընդհանրացնելու զանոնք: Հետաքրքրական էր նկատել, թէ՝
1.- Հարցազրոյցին մասնակցողներուն մեծամասնութիւնը երբեք չէր մտածած այս նիւթին մասին:
2.- Անոնց պատասխանները արագ եւ վերջնական էին:
3.- Իւրաքանչիւրը համոզուած էր, թէ իր պատասխանը բնական եւ ամէնէն ճիշդ պատասխանն էր:
4.- Պատասխանները կը տարբերէին տարիքային բերումով՝ խիստ կարեւոր տուեալ մը ընկերալեզուաբանութեան մէջ:
5.- Հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան, հայկական մշակոյթի, հայկական ընկերութեան հետ առնչուածութեան, կուսակցական անդամակցութեան, եկեղեցական ծէսերու մասնակցութեան աստիճանաբար (տարիքային իմաստով) նուազումը, պակասը, չգոյութիւնը եւ կարգ մը պարագաներու՝ ժխտական մօտեցումը, մանաւանդ հայկական դպրոցին եւ հայու մը հետ ամուսնանալու հանդէպ:
6.- Լեզուափոխութեան, այսինքն հայերէն սկսուած խօսակցութեան մը ընթացքին արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն բառերու գործածումը՝ համապատասխան հայերէն բառերը չգիտնալու պատճառով, աստիճանաբար (տարիքային իմաստով) շատութիւնը եւ անոր հանդէպ անտարբերութիւնը:
7.- 18-40 տարեկանները աւելի ատակ էին անգլերէն, ֆրանսերէն եւ մանաւանդ արաբերէն լեզուներուն, քան՝ տարիքով աւելի մեծերը:

Եզրակացութիւն

Պատասխաններու զանազանութիւնը կրնանք գնահատել որպէս հարստութիւն, կամ անկեղծ արտայայտութիւն, կամ անձնական փորձառութիւն, կամ՝ 98 տարիներու բնական հետեւանք, եւ կամ՝ տարիքային տարբերութիւններու ակնկալելի արդիւնք:
Լեզուպահպանումի եւ լեզուափոխումի ընկերալեզուաբաններու համար, մանաւանդ՝ վերոյիշեալ եօթը կէտերուն լոյսին տակ, պէյրութաբնակ կարգ մը հայերուն կատարած արտայայտութիւնները մտահոգիչ երեւոյթ են:
Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընել:
Կարելի՞ է միջամուխ ըլլալ:
Կարելի՞ է մարդոց անձնական որոշումներուն խառնուիլ:
Լեզուապահպանումի եւ փոքրամասնութիւն կազմող լեզուներու մասնագէտ ընկերալեզուաբաններ անպայման կը գիտակցին քաղաքական, կրթական, մշակութային, ընկերային եւ տնտեսական պայմաններուն բանեցուցած անողորմ ճնշումներուն՝ փոքրամասնութիւն կազմող ընկերութիւններու անդամներուն վրայ: Սակայն անոնք կը պնդեն, որ հարցը «ազգային ինքնութիւն պահել/զոհել»-ու կամ «մայրենի լեզու պահել/զոհել»-ու հարց չէ: Կարելի է միեւնոյն ժամանակ լաւապէս օգտագործել մայրենի եւ օտար լեզուներ: Նորութիւն մը չէ, որ մարդկային ուղեղը այդ կարողութիւնը ունի:
Բաւարար սեպենք ամէն երկու շաբաթը անգամ մը մայրենի լեզուի մը յաւիտենական անհետացումը եւ արեւմտահայերէնի «վտանգուած» լեզուներու շարքին դասաւորումը: Մայրենի հայոց լեզուին յարգը գնահատելով՝ ոչ միայն կ’օժանդակենք համաշխարհային լեզուներու քանակին կայունութեան, համաշխարհային մշակութային հարստութեան եւ համաշխարհային մարդկային պատմութեան, այլ նաեւ կ’օժանդակենք Լիբանանի ներկայ եւ ապագայ հայերուն՝
- անհատական եւ հաւաքական ինքնավստահութեան,
- ընտանեկան համերաշխութեան,
- Հայ դատի հետապնդումի գիտակցութեան,
- մշակութային հպարտութեան,
- մտաւորական եւ ստեղծագործական անկախութեան,
- պատկանելիութեան հարազատութեան,
- ստորադասութեան բարդոյթներու վերացման, եւ
- ֆիզիքական շարունակականութեան:
Մեծ է թիւը այն լեզուներուն եւ անոնցմով խօսողներուն վերապրում արձանագրած մեծ յաջողութիւններուն: Մէկ խօսքով, անկարելի չէ, որ Լիբանանի հայերը վերագտնեն իրենց «հաւասարակշռութիւնը»՝ ազգային ինքնութեան կերտումը մայրենի լեզուի պահպանումով: Այդ նպատակով պէտք է լրջօրէն աշխատիլ, ծրագրել, հաւատալ, մղել, հրապուրել, յարատեւել, պատգամել եւ տպաւորել:

ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Նիկոսիա, Կիպրոս