Վերնագիրը տարօրինակ թող չթուի, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի մեր գրական լեզուներուն՝ արեւմտահայերէնին եւ արեւելահայերէնին, բայց, այս պարագային, ոչ իրենց առանձին շերտաւորումներով կամ հատուածներով, այլ… «միաւորուած» տարբերակներով:
Արեւելահայը կը փորձէ արեւմտահայերէն խօսիլ (ես կ՛ըսէի՝ կապկել), բայց ՉԻ ՅԱՋՈՂԻՐ, ոչ միայն լեզուաոճական առումով, այլեւ՝ առոգանութեամբ, շեշտադրութեամբ, կշռութաւորութեամբ, նոյնիսկ‘ մտածողութեամբ ու հոգեբանութեամբ:
Արեւմտահայը, իր հերթին, կը փորձէ արեւելահայերէն խօսիլ (ես կ՛ըսէի՝ դարձեալ կապկել), բայց ԿԸ ՁԱԽՈՂԻ, ոչ միայն իր անգիտութեան պատճառով, այլեւ՝ զուր ճիգեր թափելով ճիշդ արտայայտուելու կամ «յարմարուելու» անոր նրբութիւններուն, բայց միշտ՝ անբնական եղանակաւորումներով:
Արդի՞ւնքը այս արուեստական փորձութիւններուն:
Լեզուախօսական կատարեալ խառնիճաղանճ մը, ուր արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը հաւասարապէ՛ս թիրախ են անգութ եւ անտեղի ոտնձգութիւններու՝ աղաւաղելով անոնց արտայայտման կամ արտաբերման նրբերանգներն ու իւրայատկութիւնները:
Շատեր կրնան բարեմտօրէն (կամ միամտօրէն) մտածել, թէ ի՞նչ կայ ասոր մէջ, այնքան ատեն որ երկու գրական լեզուներուն միջեւ «մերձեցում» կը կատարուի, «նոյնացում»ի կը դիմուի, գիտակցաբար թէ ոչ, չէ՞ որ զանոնք միացնելը կամ միաձուլելը ազգային պահանջատիրութիւն մըն է, թէկուզեւ հեռանկարային զարգացումներով, աստիճանական հոլովոյթներով ու ժամանակային հան-գրուաններով:
Բայց կարելի՞ է այդպիսի մակերեսայնութեամբ, նոյնիսկ թեթեւսոլիկութեամբ վերաբերիլ մեր ոսկեղնիկին հետ, որ դառն ճակատագիրի բերումով ունեցած է երկլեզու ճիւղաւորում, միալեզու բովանդակութեամբ, բայց, տարաբնոյթ ձեւաւորումներով:
Մենք տակաւին կ՛ապրինք մղձաւանջը մեսրոպեան դասական ուղղագրութեան, որ 1922-ին, պետականդեկրետով, եղծանուեցաւ ու բռնաբարուեցաւ՝ մինչեւ օրս անոր վերասրբագրումը եւ վերականգնումը ձգելով երազատեսային խաբկանքներու յորձանուտին մէջ:
Ներկայիս, երբ հայրենիքը անկախացած է, բայց հայրենաթողներուն քանակը հասած է վտանգաւոր սահմաններու, իսկ սփիւռքահայութիւնը կը դիմագրաւէ անկանխատեսելի մարտա-հրաւէրներ, գաղութային իրավիճակները ձեւափոխուելու պարտադրութիւններու առջեւ կը գտնուին հայկական երկնակամարին վրայ, Հայաստան թէ սփիւռք, կը սաւառնին բազմաթիւ… մահացնող մահացուներ, որոնց մէջ, առաջին հերթին, հայոց լեզուն, իր տարբերակներով:
Այո՛, իր տարբերակներով, առաւել կամ նուազ աւերներով:
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայոց մայրենին է, բայց իշխանութիւնը եւ անոր ենթակայ համապատասխան կողմեր ո՞րքանով նախանձախնդիր, աչալուրջ ու հետեւողական են հայերէնը պահելու իր անաղարտութեան, ճշդախօսութեան եւ անհպելիութեան մակարդակներուն վրայ, երբ մամուլը, հեռատեսիլի կայանները, լրատուամիջոցները եւ հասարակութիւնը, մեծաւ մասամբ, կը դաւաճանեն անոր նուիրականութիւններուն:
Սփիւռքը, որ կ՛ապրի արեւմտահայերէնը կորսնցնելու սպառնալիքին տակ, արդեօք պիտի կարենա՞յ շրջանցել յամեցող վտանգները, երբ դպրոց, մշակոյթ, մամուլ եւ այլն, սկսած են կորսնցնել իրենց հարազատութիւնները՝ անձնատուր ըլլալով անորոշութիւններու հետզհետէ ալեկոծուող ալիքներուն:
Այսօր, երբ ուշացած (ու խիստ ուշացած) արեւմտահայ լեզուի պաշտպանութեան մասին կը խօսուի, ինքնին հարց չէ՞, թէ ատիկա ինչպէ՛ս պիտի կարգադրուի, այնքան ատեն որ իւրաքանչիւր ազգային կառոյցէ ներս կայ զգալի բացակայութիւն մը մաքուր ու ճշգրիտ լեզուախօսներու, լեզուագիտակներու կամ լեզուավարժներու (անշուշտ մեր ակնարկութիւնը կ՛երթայ գրական արեւմտահայերէնէն):
Այնուամենայնիւ, այդ աշխատանքը կը տարուի, սակայն՝ ի՞նչ կարողականութեամբ, հասողութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ, կը մնայ խոշո՜ր հարցական մը, ի դէմս արեւմտահայերէնի քառասմբակ նահանջին:
Այս ազգային-լեզուական տագնապին վրայ վերջերս նոր աղէտ մը եւս սկսած է ձեւաւորուիլ, որ կը կոչուի՝
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ-ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՒ ԽԱՌՆԻՃԱՂԱՆՃ
Ո՞ւր կարելի է (չ)հանդիպիլ այս այլանդակութեան՝
- Լոս Անճելըսի արշակաւանի՞ն մէջ
- Միջին Արեւելքի քաոսի՞ն մէջ
- Այլ հայագաղութներու խառնափնթորի՞ն մէջ
- Հայաստանի խաչմերուկներո՞ւն վրայ
- Անպաշտօն կամ պաշտօնական խօսակցութիւններո՞ւ առիթով:
Ցաւալի է, որ սկսած է դրսեւորուիլ ծանծաղամիտ հայերէն մը, որ ո՛չ մեր զոյգ գրական լեզուներուն կը ծառայէ, ո՛չ ալ միացեալ հայերէնի մը հաւանական գոյացումին:
Հայաստանի լսատեսողական միջոցները, իրենց զրոյցներուն կամ հանդիպումներուն ընթացքին, երբ սփիւռքահայ հիւրեր կ՛ընդունին, այս վերջինները, որոնց մեծ մասը արեւմտահայերէնէն իսկ տիրացած չէ, երբեմն գիտակցաբար, երբեմն անգիտակցաբար, ուղղակի կը բարբառեն արեւմտահայերէնախառն արեւելահայերէնով կամ արեւելահայերէնախառն արեւմտահայերէնով:
Ի՞նչ կ՛ապացուցեն ասոնք, կամ ի՞նչ կ՛ապացուցուի այս անհեթեթութեամբ. այս կամ այն հատուա՞ծը կը շահի, թէ՞ երկուքին… միացումը, մինչ, խորքին մէջ, ոսկեղնիկն է, որ կը խոցոտուի ու կը խողխողուի, նորութային-անկումային կարգավիճակով:
Աւելի ահաւորը. սփիւռքահայ մտաւորականը (իմա՝ Հայաստանի Գրողներու միութեան լիիրա՜ւ անդամը), երբ Հայաստանի մէջ կը խօսի այսպիսի ՎԻՐԱՒՈՐ հայերէնով, ալ պէտք է պատկերացնել, թէ ո՜ւր հասած ենք եւ ո՜ւր հասցուցած՝ մեր բիւրեղեայ հայերէնը:
(Ի դէպ, Երեւանի պետական համալսարանի մեր ուսանողական տարիներուն (գէթ անձս), քանի մը անգամ «դիտողութիւն» ստացած եմ դասախօսներէս, թէ ինչո՞ւ արեւմտահայերէնով կ՛արտայայտուիմ, թէեւ նոյնքան ալ սկսած էի տիրապետել արեւելահայերէնին եւ զայն խօսած ու գործած եմ (ու կը գործածեմ) հոն, ուր պէտք է:
Հետեւաբար, եթէ կայ նախանձախնդրութիւն, արեւմտահայերէնը գործածելու, իւրացնելու ու պահպանելու, ինչո՞ւ ցուցամոլիկութիւն կը կատարուի, ինչո՞ւ ոտնձգութիւն կ՛արձանագրուի, ինչո՞ւ ապաշնորհութիւն կը ցուցաբերուի, ինչո՞ւ ապիկարութեան կը դիմուի:
Այս բոլորէն աւելի եւ հիմնական. ո՞վ առաջքը պիտի առնէ այս թաւալքին եւ ի՞նչ կտրականութեամբ՝ ի տես մեր լեզուին նկատմամբ ցուցաբերուած բազմաբնոյթ ու բազմագլուխ, աժան ու անսանձ ասպատակութիւններուն:
Վերջին հաշուով, արեւելահայերէնը իր տեղը ունի որպէս պետական լեզու, իսկ արեւմտահայերէնը իր տեղը՝ որպէս արեւմտահայութեան խօսակցամիջոց, երկուքը զիրար չեն հակասեր, ոչ ալ կը հակադրուին, սակայն զանոնք կարելի չէ գործածել այնպիսի ձախաւերութեամբ, խաչաձեւութեամբ ու զիկզակութեամբ, որոնց ականջալուր կ՛ըլլանք ժողովրդային թէ մտաւորական շրջանակներէ ներս:
ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ