Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն (ՏԱՀԵՇ) խմբաւորման Իրաքի մէջ արձանագրած զինուորական յաջողութիւններէն ետք, բազմաթիւ արեւմտեան ղեկավարներ զգուշացուցին, որ Իրաք կը դիմագրաւէ գոյութենական վտանգ մը:

Հիւսիսային Իրաքի մէջ քրտական ինքնավար մարզի ղեկավար Մասուտ Պարզանի իր կարգին յայտարարեց, որ կը գտնուինք նոր իրականութեան մը եւ նոր Իրաքի մը դէմ յանդիման, եւ քիւրտերը իրենց ինքնավար շրջանին անկախութեան շուրջ հանրաքուէ պիտի կատարեն:

Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան փոխնախագահ Հիւսէյն Չելիք յայտնեց, որ Իրաքի մասնատումը անխուսափելի է, իսկ հիւսիսային Իրաքի անկախութեան վերաբերեալ իր երկրին կեցուածքը փոխուած է: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին անկախ քրտական պետութեան մը կազմութիւնը Թուրքիոյ համար պատուար նկատեց ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն, սակայն միեւնոյն ժամանակ քիւրտերուն յորդորեց իրաքեան նոր կառավարութեան մը մաս կազմելու:
Այս բոլոր յայտարարութիւնները Իրաքի շիի իշխանութեանց վրայ ճնշում բանեցնելու համար են եւ ճշդում առաւելագոյն պահանջներու, որոնցմէ որոշ նահանջ կարելի պիտի ըլլայ կատարել՝ իրաքեան նոր տարազի մը ձեւաւորման բանակցութեանց ընթացքին:
ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքբերումները, իսլամական պետութիւնն ու խալիֆայութիւնը ժամանակաւոր երեւոյթներ են. ո՛չ ոք, ո՛չ իսկ Քայիտան, նշեալ խմբաւորման գոյատեւումին ու ծրագիրին կ՛աջակցի: ՏԱՀԵՇ պարզապէս կը շահագործուի Իրաքի շիիներուն, մասնաւորաբար վարչապետ Նուրի Մալիքիի վրայ ճնշում բանեցնելու եւ նոր Իրաք մը ստեղծելու համար, եւ երբ այդ ճնշամիջոցին գործը աւարտի, խմբաւորումը հաւանաբար «կծկուած» վիճակի մէջ պիտի պահպանուի՝ հետագային այլ բեմերու վրայ դեր ստանձնելու համար:
Շրջանային երկիրներէն ոչ ոք կ՛ուզէ Իրաքի մասնատումը: Անոնք նոյնիսկ դաշնակցային դրութեան մը որդեգրումին կ՛ընդդիմանային՝ զայն նկատելով մասնատման նախերգանքը, սակայն ՏԱՀԵՇ-ի «համոզիչ» ազդակը այդ դրութիւնը աւելի ընդունելի կը դարձնէ: Շնորհիւ ՏԱՀԵՇ-ի՝ շրջանային սիւննի երկիրները Իրաքի մէջ դաշնակցային պետութիւն մը կը սկսին չարեաց փոքրագոյնը նկատել, մանաւանդ որ անիկա Իրաքի սիւննիները «կը փրկէ» «շիի» կեդրոնական իշխանութեան վերահսկողութենէն: Այդ ծրագիրը իրագործելու համար նախ եւ առաջ պէտք է պարտութեան մատնել ՏԱՀԵՇ-ը, բան մը, որ կարելի չէ առանց իրաքցի սիւննիներուն օժանդակութեան, որոնք բնականաբար ձրի ծառայութիւն պիտի չմատուցեն: Այսպիսի դիպաշարի մը պարագային քիւրտերը իրենց կարգին պիտի ստիպուին անկախութեան հռչակման գաղափարէն զիջիլ, որուն իբրեւ փոխհատուցում պիտի պահեն փեշմերկաներու կողմէ վերջերս գրաւուած միջյարանուանական կռուախնձոր Քերքուքը:
Այս բոլորին մէջ մեծագոյն վնաս կրողները պիտի ըլլան թիւրքմենները, որոնց մեծ մասը կը բնակի Թելաֆարի եւ Քերքուքի մէջ, եւ այսպիսի դասաւորման մը պարագային պիտի բաժնուին քրտական եւ սիւննիական քանթոններուն միջեւ: Իսկ այս մեծ խաղին մէջ մանրուք եղող քրիստոնեանե՞րը՝ անոնց յոյսը ոչ թէ իրաւունքն է, այլ՝ ողորմութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ