Թուրքիոյ Կայսերի (Կեսարիա) քաղաքի Էրջիյէս համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնը այս տարի առաջին շրջանաւարտները պիտի տայ:
Հիմնադրման առաջին տարին՝ 2010-ին, այս բաժինը ընդունած էր 6 ուսանող, իսկ այժմ հետաքրքրութիւնը կ"աճի: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքը:
Էրջիյէս համալասարանի արեւելեան լեզուներու ամպիոնի ղեկավար Կիոքսէլ Թիւքիոզը կարծիքով, հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժնի բացումը ռազմավարական քայլ է, հակառակ այն իրողութեան, որ այդ հարցին գծով բաւական ուշացած են:
Թիւքիոզը շրջանաւարտներու աշխատանքային հաւանական վայր նշած է թրքական պատմագիտական ընկերութիւնը եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որոնք հայերէնին տիրապետող մասնագէտներու կարքիք ունին: