Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական հարստութեանց նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտարարած է Մանիսա նահանգի ածխահանքի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան պատճառով հրաժարական տալու իր պատրաստակամութեան մասին:
Ան նշած է, որ պատրաստ է որեւէ պահու հրաժարական տալու:
Մանիսայի մէջ տեղի ունեցած ածխահանքի փլուզման պատճառով զոհերու թիւը բարձրացած է 284-ի: Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարը նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ այցելած է դէպքէն վնասուած հանքափորներուն:
Ապտիւլլա Կիւլ յայտարարած է, որ ածխահանքերու շահագործման կանոնները պէտք է փոխուին‘ հետագային այսպիսի ողբերգութիւններէ խուսափելու համար, ինչպէս կ՛ընեն աշխարհի զարգացած երկիրները:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ ցուցարարի մը խոշտանգման դէպքին‘ Էրտողանի գրասենեակը, ըստ «Պի.Պի.Սի.»-ի, յայտնած է, որ այն ինչ որ տեղի ունեցաւ «պահու հակազդեցութիւն» մըն էր: