Իրանեան կարգ մը լրատու միջոցներ լուրեր տարածած են, ըստ որոնց Ատրպէյճան Իրանին նուիրած է Նախիջեւանի Ջուղայի շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող վիճելի հողատարածք մը:

Ատրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ իրանեան լրատու միջոցները կը նշեն, թէ վիճելի հողատարածքը Ատրպէյճանը անվարձայատոյց տուած է իրանեան կողմին:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Էլման Ապտուլլայեւ յայտարարած է, որ այդ տեղեկութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ, եւ Ատրպէյճան ոչ ոքի տուած է նոյնիսկ թիզ մը հող: