Թրքական լրատուամիջոցներ ուշադիր հետեւեցան Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հայաստանեան այցելութեան եւ գրեթէ բոլորն ալ շեշտը կը դնեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Թուրքիոյ ուղղուած կոչին վրայ:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը ՝ «Հոլլանտէն Թուրքիոյ՝ ցեղասպանութեան ճանաչման կոչ» խորագիրով տեղեկատուութեան մէջ նշած է, որ Ֆրանսայի նախագահը Երեւանի մէջ ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելելէ ետք կոչով դիմած է Թուրքիոյ՝ պահանջելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Թրքական «Թէ27» կայքը գրած է, որ կովկասեան երկիրներ այցելութեան ընթացքին Հոլլանտ Հայաս- տանի մէջ դիմած է Թուրքիոյ՝ ըսելով, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ թէ պիտի բաժնէ, այլ պիտի միա- ւորէ:
Թրքական «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի անդրադարձին մէջ նշուած է, թէ Հայաստանի նախագահին կողմէ Հոլլանտի ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին ժամանակ Ֆրանսայի նախագահը յայտարարած է, որ ժխտողականութիւնը վիրաւորանք է ցեղասպանութեան զոհերուն եւ իրականութեան նկատմամբ: