Միջին Արեւելքին վերաբերող շարք մը հարցեր քննելու նպա- տակով Թուրքիա այցելած Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական պատուիրակութեան մաս կազմած է քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին

քննարկումի նիւթ դարձուցած է Հայոց ցեղասպանութեան, Քեսապի հայութեան տեղահանութեան ու հայութիւնը յուզող հարցերը:

Շիֆ Էրտողանի հետ ունեցած իր անջատ հանդիպումին ընթացքին անտրամաբանական նկատած է Էրտողանի այն պնդումը, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի չէ ունեցած՝ որովհետեւ տակաւին հայեր կ՛ապրին Թուրքիոյ տարածքին: Ան շեշտած է, որ նման խօսք մը համազօր պիտի ըլլար անհիմն այն պնդումին, թէ քանի որ որոշ թիւով հրեաներ վերապրած են հրէական Ողջակիզումէն ետք, ուրեմն Ողջակիզում տեղի չէ ունեցած: Շիֆ նաեւ հարցականի տակ առած է Էրտողանի այն պնդումը, թէ 1915-1923-ի իրադարձութեանց շուրջ կարելի է ազատ քննարկումներ կատարել Թուրքիոյ մէջ, մինչ Հայոց ցեղասպանութիւնը հաստատող մտաւորականներ, պատմաբաններ կամ լրագրողներ շարունակ հալածանքի կ՛ենթարկուին եւ կը պաշտօնազրկուին:
Կիւլի հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին Շիֆ շեշտած է, որ իր ընտրատարածքին մէջ ապրող 80,000 հայերէն իւրաքանչիւրը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներէն ձեւով մը ազդուած է: «Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ծնողք մը, մեծ հայր կամ մեծ մայր մը, զարմիկ մը, եղբայրներ ու քոյրեր, կամ նոյնիսկ ամբողջ ընտանիքը կորսնցուցած է: Անոնց ցաւը իրական է եւ վէրքը տակաւին բաց կը մնայ: Ասիկա (Ցեղասպանութիւնը) պատմութեան պատկանող յուշ մը չէ միայն: Երբ դուք կամ վարչապետը կը յայտնէք, թէ հայերու նման թուրքերն ալ վնասներ կրած են, ապա ասիկա համազօր է ըսելու, թէ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին գերմանացիներն ալ տուժած են: Ճիշդ է, որ մեծ թիւով գերմանացի քաղաքայիններ սպաննուեցան, բայց այդ իրողութիւնը ոչ մէկ կերպով կը նուաստացնէ կամ կրնայ պատճառ դառնալ Ողջակիզման ուրացման: Նոյն տրամաբանութեամբ, կարելի չէ ուրանալ Ցեղասպանութիւնը, պարզապէս որովհետեւ մեծ թիւով թուրքեր մահացած են», Կիւլին ըսած է Շիֆ:
Ան նաեւ քննած է Քեսապի հայութեան տեղահանութեան ստեղծած հարցը:
«Կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել քոնկրեսական Շիֆին, որ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման հարցը ուղղակի քննարկման նիւթ դարձուցած է Թուրքիոյ ղեկավարներուն հետ՝ արդարութիւն եւ իրականութեան բացայայտում պահանջելով», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան: