«Մարմարա» կը գրէ, թէ Թուրքիոյ Ասորիներու միութիւններն ալ այժմ կը պահանջեն որ Էրտողան ցաւակցութիւն յայտնէ 1915ին իրենց կեանքը կորսնցուցած Ասորիներուն համար:

Ասորիները կը պնդեն որ իրենք ալ ցեղասպանութեան ենթարկուած են ինչպէս Հայերը եւ նուազ ողբերգական չէ իրենց պարագան: Անոնք հինէն ի վեր այդ ցեղասպանութիւնը կը կոչեն «Սէյֆօ» որ ասորերէնի մէջ կը նշանակէ «սուր»: Սուրէ անցնիլ: Ասորիները ըսին որ վարչապետը յիշեց 1915ին իրենց կեանքը կորսնցուցածները, բայց մոռցաւ Ասորիները: