Թուրքիա կը դատապարտուի 90 միլիոն եւրօ հատուցել՝ Կիպրոսի ներխուժման համար

Մարդոց Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հրամայած է 1974-ին Կիպրոս ներխուժման համար 90 միլիոն տոլար հատուցում վճարել:

2001-ին Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանը «Կիպրոսը ընդդէմ Թուրքիոյ» գործին մէջ Անգարան մեղաւոր ճանչցած էր Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտի դրոյթներու բազմաթիւ խախտումներու մէջ, երբ Թուրքիոյ իշխանութիւնները բռնագրաւած էին կղզիի հիւսիսային մասը: Օրին, սակայն, փոխ հատուցման գումարի չափը չէր յստակացուած:
Այժմ Սթրազպուրկի դատարանը պարտադրած է Անգարան՝ իբրեւ բարոյական վնասի հատուցում 30 միլիոն եւրօ վճարել անյայտ կորսուած անձերու ընտանեկան պարագաներուն եւ 60 միլիոն եւրօ՝ իբրեւ բարոյական վնասի հատուցում Քարփասիա թերակղզիին մէջ բնակող յոյն կիպրացիներուն:
Ահմետ Տաւութօղլու դա-տարանի որոշումին մասին ըսած է, թէ կը վնասէ կղզիի համայնքներուն միջեւ բանակցային հոլովոյթի ընթացքը: