«ԹայմԹիւրք» կայքը, հիմնուելով «Սթար» թերթի լրատուութեան վրայ՝ ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Արարատ լերան ստորոտի գիւղերու բնակիչներուն՝ «իսլամացուած հայեր»ուն մասին, որոնք յոյսով լեցուած են վարչապետ Էրտողանի ցաւակցական ուղերձէն ետք եւ որոնց ամենամեծ փափաքն է ի վերջոյ գտնել հարիւր տարի առաջ իրենց կորսնցուցած ազգականներուն հետքերը։
«Սթար» թերթի թղթակիցը այցելած է Արարատ լերան փէշերու գիւղերը եւ հանդիպումներ ունեցած բնակիչներուն հետ։ Բուն անունով Մարիամ Աստուածածին, իսկ այժմ անուանափոխեալ գիւղի մը բնակիչները ըսած են, որ «1915ի դէպքեր»ու օրերուն իրենց մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը ստիպողաբար լքած էին իրենց ծննդավայրը եւ բռնի կերպով քշուած էին այլ երկիրներ. անոնք փափաք յայտնած են, որ սահմանադուռը բացուի, որպէսզի հանգիստ կերպով կարենան իրարու այցելել:
Գիւղի բնակիչներէն Զեքի Շ.ի խօսքերով՝ առաջին անգամ ըլլալով է, որ Թուրքիոյ վարչապետ մը բաժնած է իրենց ցաւը՝ մեծ ու կարեւոր քայլ մը առնելով։ «Իսկապէս շատ ուրախ ենք։ Ճիշդ չենք նկատեր սփիւռքահայութեան մօտեցումը։ Մեր նախնիները այստեղէն բռնի կերպով աքսորի ղրկուած են։ Անցեալէն մե՛նք մնացած ենք այս հողերուն վրայ։ Տարիներ շարունակ հաշտ ու խաղաղ ապրեցանք այս գիւղին մէջ ու այս գիւղին թագը եղանք», պատմած է Զեքի Շ., որուն թոռներն ու երախաները կը յուսան Հայաստանի մէջ ապրող իրենց ազգականները գտնել։ «Այս հողերը մեր տունն են, եղբայր մը անկարելի է եղբօրմէ բաժնել», շեշտած է Զեքի Շ.։
Ան «1915ի դէպքեր»ուն անդրադառնալով՝ պատմած է, որ իր մեծ հօր ընտանիքին ինը եղբայրներէն եօթն տեղահանուած են, իսկ երկուքը մնացած են Թուրքիա։
Թերթը լրատուութեան վերջաւորութեան նշած է Արարատի փէշերու գիւղերուն անունները՝ նշելով, որ Տողու Պէյազիտի մէջ աւելի քան երկու հազար հայկական գիւղեր կային։