Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Վինկաս մամուլին փոխանցեց իր հրաժարականի նամակին պատճէնը։
Այդ նամակը հասցէագրուած է Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմին, որ միեւնոյն ժամանակ Վագըֆներու խորհուրդի նախագահն է։
Լաքի Վինկասի հրաժարականի հիմնաւորումները պայմանաւորուած են փոքրամասնական համայնքներու անդամներուն ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքը տասնհինգ ամիսէ ի վեր առկախուած է, ինչ որ յառաջացուցած է իրաւական պարապութիւն մը եւ այդ պարապութիւնն ալ իր հերթին լուրջ վնաս հասցուցած է համայնքներու ընկերային հէնքին։
Այս պայմաններուն ներքեւ Վինկասի մօտ գոյացած է այն համոզումը, թէ այս ձեւով պիտի չկարենայ շարունակել իր պաշտօնը։ Ուստի, Վինկաս որոշած է հրաժարական ներկայացնել, հակառակ անոր, որ ներկայացուցչի պաշտօնը կը կատարէր զգալով մեծ պատիւ։
«Մարմարա» կը հաղորդթէ թէ Լաքի Վինկաս այս հանգրուանին շնորհակալութիւն կը յայտնէ պաշտօնավարութեան շրջանին իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած համագործակցութեան պատրաստակամութեան զօրակցութեան ու վստահութեան համար։ Վինկաս կ'ընդգծէ, թէ պիտի շարունակէ մնալ փոքրամասմնական վագըֆներու եւ այդ համայնքներու անդամներու տրամադրութեան տակ։
Հրաժարականի նամակին մէջ Լաքի Վինկաս ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հարցին վրայ, որ վերջին տարիներուն փոքրամասնական համայնքներու հիմնարար իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն վերակառուցման առաջադրութեամբ լուրջ վաստակ ի գործ կը դրուի, սակայն ասով հանդերձ կազմակերպման ու ղեկավարման կամքին առումով ամենաէական նշանակութեամբ՝ ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքէն համայնքային վագըֆները զըրկուած են 2013 թուականի Յունուարէն ի վեր։ Ընտրութիւններու կանոնագրութիւնը ջնջուած էր կարճ ժամանակի ընթացքին վերանորոգուելու համար։ Անցեալ ժամանակաշրջանին նոր ընտրական կանոնագրութեան մը պատրաստութիւնը կարելի չէ եղած եւ զուգահեռաբար տեղի չեն ունեցած ընտրութիւնները։
Վինկաս դիտել տուած է, որ տարիներէ ի վեր փոքրամասնական համայնքները մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն ու գոյատեւման պայքար կը մղեն։ Վագըֆները կը հանդիսանան անոնց կարեւորագոյն կառոյցները, որոնք ներկայիս դատապարտուած են կառավարուելու ժամանակաւոր ղեկավարութեանց կողմէ, որոնք չեն ցոլացներ ընտրողներու կամքը։ Յստակ ժամանակաշրջանով գործի գլուխ եկած ղեկավարութիւնները կառավարման իրաւասութիւն կ'օգտագործեն՝ հակառակ անոր, որ անոնց պաշտօնավարութեան ժամկէտը լրացած է։ Այս հանգամանքը կը խոչընդոտէ վագըֆներու ազատ, ժողովրդավարական ու թափանցիկ կառավարումը։ Այսպէսով կ'արգելափակուի փոքրամասնական համայնքներու բուն կամքին դրսեւորումը՝ կայուն ձեւով։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Լաքի Վինկասի մօտ գոյացած է այն համոզումը, թէ Վագըֆներու խորհուրդին մօտ չի կրնար ներկայացնել այն 166 համայնքային վագըֆը, որ որպէս ներկայացուցիչ զինքը պաշտօնի կոչած էր երկրորդ անգամ։ Ուստի, Վինկաս Ատնան Էրթէմին խնդրած է, թէ ընդունուի իր հրաժարականի դիմումը։