ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանեան «Իսնա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ վաղը Մարտ 14ին, Վանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Ահմետ Տաւութօղլուի, Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:

Նախարարները պիտի քննեն շրջանին մէջ կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ նախկին եռակողմ հանդիպումներու որոշումներուն գործադրութեանց ընթացքը: Նախարարները նաեւ երկկողմանի խորհրդակցութիւններ պիտի ունենան:
Նախարարներու նախորդ հանդիպումները տեղի ունեցած էին Ուրմիոյ եւ Նախիջեւանի մէջ, յաջորդաբար՝ 2011ին եւ 2012ին: