«Առաջինները պիտի ըլլանք, որ պիտի փութանք մեր քոյր-եղբայրները պաշտպանելու» ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, խօսելով Խրիմի մէջ շարունակուող իրադարձութիւններու մասին:

«Թուրքիան թաթարներու հայրենիքն է. անոնք կրնան երկիր վերադառնալ, երբ որ ուզեն» ըսած է Տաւութօղլու, ինչպէս կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Թրքական մամուլը յորդած է գրութիւններէ, որ փոշիէն դուրս կը քաշեն 1783ին Օսմանեան կայսրութեան եւ Ռուսաստանի Էկատերինա Մեծի միջեւ ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը, ուր կը նախատեսուէր թէ Խրիմի թերակղզին Ռուսաստանի պիտի պատկանէր, նախապայման դնելով ոչ ինքնավար պայմանները: Թրքական կողմը կը պնդէ թէ ինքնավարութեան պարագային, Խրիմը պէտք է իր նախկին իրավիճակին վերադառնայ: Այսուհանդերձ ռուս քաղաքագէտներ հանդէս եկած են յայտարարութիւններով, ուր կը շեշտեն թէ 1991ի հանրաքուէի հիմամբ՝ Խրիմի բնակիչներու 93%ը ինքնավարութիւն նախընտրած է: