Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը քննելէ ետք Պոլսոյ «Ակօս» թերթի նախկին խմբագրապետ Հրանդ Տինքի կնոջ՝ Ռաքել Տինքի, եղբայր Օրհան Տինքի եւ զաւակներու՝ Տելալ, Արաթ եւ Սերա Տինքերու ներկայացուցած համատեղ դիմումը, որոշում կայացուցած է պահանջել անհրաժեշտ, բայց պակսող փաստաթուղթերն ու տեղեկութիւնները:

Սահմանադրական դատարանը իր վերջնական որոշումը պիտի կայացնէ միայն այդ փաստաթուղթերը ստանաելէ յետոյ:

Տինքի ընտանիքը դիմում ներկայացուցած էր Սահամանդրական դատարան, նշելով որ պատշաճ հետաքննութիւն չէ կատարուած, իսկ տարուող գործի վերաբերեալ ընտանիքին համապատասխան տեղեկատուութիւն չէր տրամադրուած: Դիմումին մէջ յստակ բողոք կար, թէ շարք մը աշխատակիցներու հետ կապուած հետաքննութիւնը իր աւարտին չէր հասած: Բայց այդ, ընտանիքը պահանջած է վճարել 500 հազար թրքական լիրա, որպէս բարոյական փոխ հատուցում: