Տերսիմի համալսարանի պատմութեան բաժինի վարիչ Ճանտան Պատեմ 2009էն ի վեր ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ եւ ուզած է քաղած փորձառութիւնը յօդուածով մը փոխանցել այն թուրք մասնագէտներուն, որոնք կ՛ուզեն Հայաստանի մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարել:

Ան կը գրէ, թէ Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ աշխատելու ընթացքին որեւէ խնդիր չէ ունեցած, եւ կ՛ընդգծէ, թէ արխիւային բոլոր փաստաթուղթերը հասանելի են ուսումնասիրողներուն. այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս» թերթը:
Պատեմ կ՛աւելցնէ, թէ հակառակ թուրք պատմաբաններու շրջանակներուն մէջ տարածուած կարծիքին, արխիւը բաց է Թուրքիոյ քաղաքացիներուն առջեւ՝ աւելցնելով, որ հոն աշխատած Թուրքիոյ առաջին քա- ղաքացին եղած է Ամերիկայի մէջ մարդաբանութեամբ զբաղող Եքթան Թուրքեըլմազը, որ երկու ամիս ձերբակալուած մնացած է՝ Հայաստանէն արգիլուած գիրքեր դուրս բերել փորձելուն համար: Արխիւի ղեկավարութիւնը պնդած է, որ այդ միջադէպը կապ չէ ունեցած Թուրքեըլմազի արխիւային աշխատանքին հետ, սակայն միջադէպը բացասական անդրադարձ ունեցած է ուսումնասիրողներուն վրայ: