«Լսեցէք, թէ Հողի Տակ Պահուած Մարդկային Ոսկորները Ինչ Կ'ըսեն Մեզի»
Թուրք մտաւորական, մարդու իրաւունքներու հարցերով զբաղող Այշէ Կիւնայսուն, որ յայտնի է Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ պայքարով, Թուրքիոյ մէջ հայերու եւ քիւրտերու կոտորածներու մասին իր հրապարակած յօդուածին մէջ, ըստ Tert.am-ի, նշած է:
“Նոյն հողի տակ քնացած են հայերն ու քիւրտերը: Իրականութեան մէջ հայերու կողքին պէտք է նշենք նաեւ յոյները, ասորիները, եզտիները, Փոքր Ասիոյ` իսլամ չեղած բոլոր ազգերը: Սակայն այս օրերուն օրակարգի վրայ են հայ-քրտական յարաբերութիւնները:
Ցեղասպանութիւն, ճանաչում, ժխտում, մոռացում, վերյիշում. հայերու եւ քիւրտերու միջեւ մէկ կողմէ աճող շփումը, միւս կողմէ աճող լարուածութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւեն այսօր: Խնդիրը պարզ է…
Թերթերու մէջ կարդացի՝ Տիարպեքիր-Մարտին ճանապարհին հռոմէական ժամանակներէ մնացած բերդի աւերակներուն տակ գանձ որոնողները գտած են մեծաթիւ մարդկային ոսկորներ: “Taraf-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ Չընար գիւղի գիւղապետ Պետիրհան Պալթան ըսաւ, որ այդ ոսկորները կրնան հայերուն պատկանած ըլլալ: “Իմ կարծիքով` հայերու ոսկորներ են: Մեր պապերը միշտ կը պատմէին, որ հայերը կը բաժնէին 20-30 հոգի կազմող խումբերու եւ կը սպաննէին: Հայոց Ցեղասպանութեան շրջանէն մնացած ոսկորներ կրնան ըլլալ”,- ըսաւ գիւղապետը:
Գիւղապետը պապէն լսած է այս բոլորը: Անոնք շատերը լսած են այդ տարածքներուն մէջ, սակայն քիչերը կը խօսին գիւղապետի նման: Սակայն մեզի, չես գիտեր ինչու, միշտ կ’ըսեն‘ “ժողովուրդը չի գիտեր, չէ լսած, անոնց չէ պատմուած”:
Ասիկա կը նմանի խճճուած հանելուկի: Շատերը կը փորձեն ցոյց տալ, որ չեն գիտեր, կամ ալ գիտեն ինչ որ ձեռնտու է իրենց, չեն գիտեր՝ ինչը ոչ: Շատերը նոյնիսկ կը փորձեն մոռնալ իրենց իմացածը եւ “անտեղեակ” ձեւանալ: Քանի որ ժխտումը շատ խճճուած մեքենականութիւն է` պաշտպանական մեքենականութիւն: Պետական մակարդակով ժխտման քաղաքականութիւնն ու անձնական ժխտումը կը խառնուին իրարու, կը սնուցանեն եւ կը զօրացնեն զիրար: