Հրանդ Տինքը սպաննուած է «ազգային համաձայնութեամբ» համարձակօրէն կը բացայայտեն ցուցարարները
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վճռաբեկ ատեանի բեկանումի վճիռէն ետք, «Ակօս»ի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը կը շարունակուի Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14րդ դատարանին մէջ։ Դատավարութեան յաջորդ նիստը պիտի կայանայ այսօր Յունուար 7, 2014ին։

Նախապէս տեղի ունեցած նիստին մասնակցեցան ձերբակալեալներ Էրհան Թունճել, Եասին Հայալ, Էրսին Եոլլու եւ Օսման Հայալ, ինչպէս նաեւ Զէյնելապիտին Եաւուզ ու Թունճայ Ուզուն, որոնց համար ձերբակալութեան վճիռ չէ արձակուած։
Էրհան Թունճել, որ սեպտեմբերեան դատավարութենէն ետք փախուստ տուած էր եւ 38 օր ետք միայն ձերբակալուած, ձերբակալութենէն ետք իր առաջին դատական նիստին ընթացքին սպանութեան ամբողջ մեղքը դրաւ ոստիկաններ Ռամազան Աքիւրեքի, Սապրի Ուզունի, Ալի Ֆուաթ Եըլմազերի վրայ։
«Մեր դիմաց ոստիկաններ չկան։ Ատիկա ոճրագործներու խմբաւորում մըն է։ Անոնք զիս թիւ մէկ յանցագործ դարձուցին ու իրենք թաքնուեցան։ Ես այդ մարդոց որեւէ գէշութիւն չեմ ըրած», յայտարարեց Թունճել, որ ինք եւս ոստիկանութեան գործակալ մը կը նկատուի:

էրհան Թունճել ոստիկանները
կը նկատէ Տինքի սպանութեան պատասխանատու
Թունճել ըսաւ, որ ոստիկանները զինք թիւ 1 յանցագործ դարձուցին, հակառակ որ ինք նոյնիսկ փորձած է կանխել Տինքի սպանութիւնը։ «Մարդասպան Եասին Հայալին ըսի, որ չընէ սպանութիւնը։ Տեղեկացուցի ոստիկանութիւնը։ Ես չեմ փախած. եթէ ուզէի՝ կրնայի փախչիլ երկրէն։ Ես կը պատրաստուէի յանձնուելու», ըսած է Թունճել։
Իր կարգին, Հայալ պնդեց, որ սպանութեան պատուիրատուն Թունճելն է եւ շեշտեց, թէ ինք անմեղ է։
Մինչ դատավարութիւնը կը շարունակուէր, «Հրանդ Տինքի բարեկամները»ը ցոյց մը կը կատարէին դատարանի շէնքին առջեւ։ Ընթացքին, ցուցարարներուն անունով խօսք առաւ Սերմիեան Միտեաթ, որ ըսաւ, թէ այլեւս տարակոյս չկայ, որ Հրանդ Տինք սպաննուած է «ազգային համաձայնութեամբ»։