Ոմանց կողմէ «թրքական պատմութեան ամենէն կարեւորը» որակուած է վերջին մեծ գայթակղութիւնը, որ ի յայտ եկած է Թուրքիոյ տարածքին։ Ձերբակալուած են մեծ թիւով քաղաքացիներ, կաշառակերութեան դէմ պայքարին ծիրէն ներս։
Անոնցմէ ոմանց տունը գտնուած են միլիոնաւոր տոլարներու համապատասխանող գումարներ:
Երեւոյթը Էրտողանի եւ իր ընդդիմադիրներուն միջեւ հաշուեյարդարի մը բոլոր տուեալները կը պարունակէ:
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը որոշած է պաշտօնազրկել Պոլսոյ նահանգի եւ անոր շարք մը քաղաքներու ապահովութեան բաժանմունքներու 25 տնօրէններ, որոնց շարքին՝ Ֆաթիհ քաղաքամասի ապահովութեան պատասխանատուն: Իսկ ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը պատրաստուի ընդհանուր հետաքննութեան ենթարկել «Պանք- Ասիա»-ն, որ Ֆաթհիւլլա Կիւլենի շարժումին պատկանող դրամատուներէն մէկն է:
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը որդեգրած է որոշում մը, որ լրագրողներուն կ՛արգիլէ մուտք գործել Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներուն ոստիկանական կեդրոնները:
Մինչ այդ, ապահովական ուժերը Անգարայի մէջ ոստիկանութեան կազմակերպուած ոճիրներու դէմ պայքարի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէնին դիակը յայտնաբերեցին անոր ինքնաշարժին մէջ: Ան անյայտ պատճառներով անձնասպանութիւն գործած է, սակայն կը կարծուի, որ ան փտածութեան հարցով պաշտօնազրկուած անձերէն մէկն է:
Միւս կողմէ, Պոլսոյ մէջ դատաւորներ պաշտօնապէս ամբաստանեցին Թուրքիոյ ներքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարներուն որդիները: Թրքական «Էն.Թի.Վի.» եւ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանները հաղորդեցին, որ ամբաստանեալներուն շարքին է «Հալքպանք»-ի ընդհանուր տնօրէնը:
Էրտողան Կը Սպառնայ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ «վերջերս կարգ մը դեսպաններ հետաքրքրական կերպով գրգռիչ արարքներ կը կատարեն: Ես Սամսոնէն խօսքս անոնց կ՛ուղղեմ. «Ձեր գործերով զբաղեցէք»‘ աւելցնելով, որ «մենք ստիպուած չենք ձեզ մեր երկրին մէջ պահել: Եթէ ձեր երկիրներուն մէջ գտնուող մեր դեսպանները որեւէ խաղի առնչուին, դուք եւս մեզ պէտք է տեղեակ պահէք, մեր դեսպանները տուն կը կանչենք», շեշտեց ան:
Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ հերքեց թրքական լրատուամիջոցներու տարածած այն լուրը, թէ փտածութեան շուրջ հետաքըննութեան ետին Միացեալ Նահանգները կը կանգնին: Այդ լուրը կը յաջորդէր Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ գայթակղութեան կազմակերպման մէջ կը մեղադրէ «մութ ուժերը», որոնք կը գործեն արտերկրէն:
Ռիքարտոնէ ըսաւ, որ «Միացեալ Նահանգներ որեւէ ձեւով չեն առընչուած հետաքննութեան եւ կաշառքի շուրջ ընթացող հետաքննութեան» շեշտելով, որ «ոչ ոք պէտք է Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները անհիմն պընդումներով վտանգէ»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դեսպանին հրապարակած հաղորդագրութեան իբրեւ պատասխան յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «մենք Միացեալ Նահանգներու դեսպանին յայտարարութիւնը բաւարար կը նկատենք: Զինք այս հարցով նախարարութիւն կանչելու որեւէ ծրագիր չկայ»: