ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ
ԳԱՅԹԱԿՂԵՑՈՒՑԻՉ ՎՃԻՌԷՆ ԵՏՔ

Թրքական Aydinlik թերթին մէջ լոյս տեսած իր յայտարարութեան մէջ Տողու Փէրինչէք նշած է, թէ բոլոր խնդիրներու լուծման բարձրագոյն կէտը դատական համակարգն է, եւ Հայկական հարցը այդ համակարգին մէջ լուծում ստանացած ըլլալով՝ կը մնայ միայն զայն կիրարկել։


«Երբ կ'ուզէինք դիմել ՄԻԵԱ-ին, թրքական իշխանութիւնները եւ ընդդիմութեան կարեւոր դէմքերը փորձեցին մեզ տարհամոզել որպէսզի չդիմենք այդ քայլին՝ պատճառաբանելով, որ ատիկա կրնայ յաւելեալ հարցեր ստեղծել Թուրքիոյ համար։ Բայց մենք խօսք տուինք մեր ազգին, որ Հայկական հարցը պիտի լուծենք։ Այլեւս Թուրքիոյ համար Հայկական հարց չկայ, ան լուծուեցաւ»,- ըսած է Տողու Փէրինչէք՝ շեշտելով, թէ Հայկական հարցը լուծուած է ճիշդ ռազմավարութեամբ  եւ ազգի հզօրութեամբ։