Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարեց, թէ Դեկտեմբեր 12ին Հայաստան պիտի այցելէ՝ մասնակցելու համար Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան խորհուրդի նիստին:
Թրքական «Էն.Թի.Վի.»ի համաձայն՝ Տաւութօղլու այս յայտարարութիւնը կատարած է Քիեւի մէջ՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, եւ աւելցուցած է, թէ ինք սովորաբար նման համաժողովներու կը մասնակցի:
Տաւութօղլու Քիեւի մէջ հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Հայաստանի իր պաշտօնակից Էդուարդ Նալբանդեանին հետ:
Նշենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան նախապէս հաստատած էր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն ուղղուած հրաւէրները: