ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՈՂ ԵՐԵՍԸ
Եթէ մենք ինքնաբերաբար աւելի ուշիմ կը դիտենք հայոց հետ առնչուած նիւթերը, պէտք չէ մոռնալ թէ Թուրքիայէն ներս նման բնոյթով հետաքրքրութիւնը աւելցած է երկրի բոլոր փոքրամասնութիւններու նկատմամբ:
1908: Կրետէի Խանիա քաղաքէն ուղարկուած բացիկ
Արդարեւ, Պոլսոյ մէջ վերջերս կայացած «իսլամաց(ու)ած հայերու» նուիրուած խորհրդաժողովէն երկու շաբաթ ետք, թուրք եւ յոյն բնակչութիւններու փոխանակման 90ամեակին նուիրուած երկօրեայ գիտաժողով մը գումարուած է, «Լոզանով Փոխանակուածներու Հիմնադրամ»ի նախաձեռնութեամբ եւ Պոլսոյ Գոչ համալսարանի կազմակերպութեամբ:
Երկօրեայ խորհրդաժողովը տեղի ունեցած է 16-17 Նոյեմբերին: Հոն քննարկուած են 1923ին կայացած պարտադիր գաղթին տարբեր երեսները:
«Ակօս» թերթը կը հաղորդէ թէ եօթը նիստերու ընթացքին աւելի քան 30 ակադեմականներ զեկոյցներով հանդէս եկած են:
Եթէ նկատի ունենանք Յունաստանէն ներս այս նիւթով զբաղող հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ինսթիթութներու առկայութիւնը, բաւական ուշացած նախաձեռնութիւն մըն է տուեալ «Հիմնադրամ»ի գոյութիւնը: Սակայն յայտնի է որ հիմնադրամը այս ուշացումը յաղթահարելու համար բաւական ծաւալուն ծրագիրներ ունի:
Լեզուներու եւ տառերու մասին
Պոլսոյ մէջ Յունաստանի հիւպատոսարանը, Յունաստանի Ազգային Հետազօտութիւներու Հիմնարկի Օսմանեան Հետազօտութիւններու ծրագրի համագործակցութեամբ, Սիսմանօղլիօ Մէղարոյի մէջ զրոյցներու շարք մը կազմակերպած է Օսմանեան կայսրութեան իսլամ եւ ոչ իսլամ ժողովուրդներու լեզուներուն եւ օտագործած այբուբեններուն մասին:
Կայսրութեան տարբեր տարածքներու վրայ թրքախօս հպատակները մերթ ընդ մերթ օգտագործած են յունական, հայկական եւ եբրայական տառեր: Տարբեր կրօններու եւ դաւանանքներու պատկանող տոհմային խմբակներ իրենց հպատակած պետութեան իշխող լեզուով բայց հարազատ տառերով:
Պիտի քննարկուին նաեւ Կրէտէցի եւ Եանյացի թուրքերու մեծաւ մասամբ բանաւոր գրականութեան ժառանգ եղող եւ արաբական տառերով գրած յունարէն հրատարակութիւններու մասին:
Այս նիստը տեղի պիտի ունենայ 28 Նոյեմբերին, եւ պիտի քննարկուի Գարամանցի յոյներու յունատառ թրքերէն փորձը:
Իսկ յաջորդ տարուայ, 2014ի Յունուար 23ին, Մուրատ Ճանգարա, Բիւզանդ Աքպաշ եւ Մ. Սապրի Քօզ պիտի քննարկեն հայատառ թրքերէն գրականութեան նիւթը: