Իսլամացուած համշէնցիները թէ զոհ են եւ թէ վկաներ

Պոլսոյ «Ակօս» թերթը կ'անդրադառնայ Պողազիչի համալսարանի խորհրդաժողովին, տեղ տալով զեկուցաբերներէն Սերկէյ Վարդանեանի մօտեցումներուն:

Զեկուցաբերը կը շեշտէ թէ քիչ գրուած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ տարբեր դարերուն մահմետականացուած հայերու մասին: Գիտնականներ յաճախ շրջանցած են այդ թեման կամ ալ բաւարարուած են միայն կրօնափոխութեան որոշ փաստեր արձանագրելով: Անշուշտ այստեղ եծ էր իշխանութիւններու դերը, որոնց համար հաճելի չէր այդ եւ նման նիւթերու հրապարակումը: Կարեւոր հանգամանք էր նաեւ հայ իրականութեան մէջ տիրող այն մտայնութիւնը, թէ կրօնափոխները այլեւս հայ չէին...:

Արեւմտահայ նշանաւոր գրող, իրաւաբան, 1908էն Օսմանեան խորհրդարանի անդամ Գրիգոր Զօհրապ, իր եղերական սպանութենէն երկու տարի առաջ՝ 1913ին Փարիզի մէջ, Մարսէլ Լէար ծածկանունով հրատարակած «Հայկական հարցը փաստաթուղթերու լոյսին տակ» ֆրանսերէն գրքին մէջ կ'անդրադառնայ հայերուն եւ ի միջի այլոց համշէնահայերու իսլամացման հարցին ու կը գրէ.- «Վեց դարերէ ի վեր ինկած Օսմանեան տիրապետութեան տակ, իրենց պատմութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ երկար մարտիրոսագրութիւն մը: Շատերը, փրկելու համար իրենց կեանքն ու ստացուածքը, ստիպուած են իսլամանալ:

Վարդանեան նշած է թէ այսօր Թուրքիոյ մէջ մօտաւոր հաշուառումներով կը բնակի իսլամ դաւանող շուրջ 35 հազար հայախօս համշէնահայ:

Համշէնցիներու գիւղերը իրարմէ սահմանազատուեցան 1921 թուին Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած պայմանագրով: Սահմանի հիւսիսային կողմը մնացող քանի մը գիւղեր, որոնց մէջ կը բնակէին իսլամ համշէնցիներ այս ձեւով մտան Աճարիայի ինքնավար հանրապետութեան կազմին մէջ: Այնումենայնիւ Աճարիայի այս կրօնափոխ համշէնահայերն ալ 1944 թուականին Սթալինի ստորագրած գաղտնի համաձայնագրով, մը, Աճարիա բնակող թուրքերու եւ քիւրտերու հետ աքսորուեցան Ղրխզիստան եւ Ղազախստան:

Վարդանեան ցաւով յայտնած է թէ Ռիզէի նահանգին մէջ մինչեւ այսօր գրի չեն առնուած մահմետական համշէնահայերու յուշերը, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան բազմաթիւ անյայտ դրուագներ պիտի բացայայտէին: «Իսկ Ղրխզիստանի եւ Ռուսաստանի մէջ ապրող ականատեսներն ալ արդէն 80ը, 90ը անց էին եւ պատմելու ժամանակ յուզուելով կÿարտասուէին, կորսնցնելով իրենց մտքի թելը: Անոնք երբեմն իրենց պատմութիւնները կÿաւարտէին՝ հոգոց հանելով եւ «Մէկ թավայի ծուկ իգ» (Մէկ տապակի ձուկ ենք) իմաստուն եզրայանգումով: Այո՛, քրիստոնեայ եւ մահմետական հայերը թէեւ ապրեր են տարբեր վայրեր, բայց տապկուեր են նոյն ցաւերով»: 

 

Իսլամացած Հայեր Հայերէն Կը Սորվին Տիգրանակերտի Մէջ

Իսլամացած հայեր Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Սուր քաղաքի քաղաքապետարանին կողմէ նախաձեռնուած հայերէնի դասընթացքներուն մասնակցելով՝ վերսկսած են իրենց մայրենի լեզուն սորվելու: Թրքական «Թարաֆ» թերթը կը գրէ, թէ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին 66 իսլամացած հայեր կրցած են հայերէն սորվիլ:

2012ին բացուած լեզուի դասընթացքները իրականացած են երկու հանգրուանով՝ իւրաքանչիւրը երեք ամիսով: Ցարդ դասընթացքներուն մասնակցած է 67 հոգի, որոնցմէ միայն մէկը հայ չէ:

Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ հիմնարկի ղեկավար Կաֆուր Թուրքայ նշած է, որ լեզուի դասընթացքներուն մասնակցածներուն մեծ մասը իր հայկական ինքնութիւնը բացայայտած է վերջերս: Թուրքայ պատմած է, որ դասընթացքներուն մասնակցած են տանտիկիններ, աշակերտներ, տարբեր մասնագիտութեանց տէր մարդիկ՝ ծառայողներ, բանուորներ, բժիշկներ:

Թուրքայ, որուն հայկական մականունը Օհանեան է, իր հայակական ծագումին մասին իմացած է 15 տարեկան հասակին: Սիւննիական աւանդոյթներով մեծցած ըլլալով՝ ան ինքզինք կը նկատէ «սիւննի իսլամ հայ»: Ան ներկայիս իր երկու երեխաներուն հետ հայերէնի դասընթացքներու կը մասնակցի: Թուրքայ կ՛ըսէ. «Տարբեր պատճառներով չենք կրցած սորվիլ մեր լեզուն, սակայն միշտ լեզուին տիրապետելու փափաք ունեցած ենք: Զաւակներս ալ ոգեւորուած են՝ իրենց մայրենի լեզուն սորվելով: Ես հայ եմ եւ չեմ կրցած ապրիլ իմ լեզուով, աւանդոյթներով, սովորութիւններով, մշակոյթով: Կարօտախտով լեցուած եմ այս բոլորին հանդէպ: Մեծ ոգեւորութիւն եւ զգացումներու կուտակում կայ: Երեք սերունդ ետք լեզուս սորվելու առիթ ունեցայ եւ այդ մէկը մեծ երջանկութիւն է»:

Հայերէն սորվող Ֆրաթ անունով այլ հայ մը, որ չէ փափաքած իր մականունը տալ, իր ոգեւորութիւնը յայտնած է, թէ 20րդ դարու սկիզբի ոճրագործութենէն գրեթէ 100 տարի անց, հայոց լեզուն սորվելու առիթ մը ունի: «Սորվիլը դիւրին չէր, սակայն ներկայիս արդէն իսկ հայերէնով ստորագրութիւն կրնամ ընել», ըսած է ան: Ան պատմած է, որ իր հայկական ինքնութեան մասին տեղեակ եղած է մանուկ հասակէն:

Սուր քաղաքի քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշ յայտնած է, որ նման դասընթացքներու իրականացումը շարունակական պիտի ըլլայ, ու ցանկութիւն յայտնած է ապագային նաեւ ասորերէնի դասընթացքներ իրականացնելու: Հայերէն լեզուի դասերը կը վարէ կամաւոր ուսուցիչ Ֆիքրի Չալըշը:

 

Ցեղասպան Թուրքը Եւ Հայ Կնոջ Ողբերգական Պատմութիւնը

«Ազատ Օր»ի մէջ լոյս տեսած յունարէնով յօդուածին մէջ, մեր գործակից յօդուածագիրը կը նշէր հայազգի Սառայի մասին ողբերգական պատմութիւն մը: «Իսլամաց(ու)ած հայեր»-ու խորհրդաժողովին մէջ ներկայացուած է այս կնոջ պարագան ու պատմուուած է թէ ինչպէս հայազգի Սառան ստիպողաբար ամուսնացաւ իր ծնողները սպաննած թուրքին հետ: Պատմութիւնը յուզած է ձեռնարկին մասնակիցները: 

Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ yerkir.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Թարաֆ» թերթը, ուր անդրադարձ կայ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի, «Մալաթիա ՀայԴեր»-ի եւ Պողազիչի համալսարանի միահամուռ ջանքերով՝ Պողազիչի համալսարանի մէջ տեղի ունեցած համաժողովի մասին:

Taraf.com-ը կը յայտնէ, որ պատմողը ակադեմիկոս Նեւին Եըլտըզ Թահինճիօղլուն էր, եւ ան ըսած է. «Այս պատմութեան վատ մարդիկ իմ ընտանիքս եղած են: Տուժողին՝ «Ես տուժած եմ» խօսքը ճիշտ չէ: Յանցագործին՝ «Ես յանցագործ եմ» ըսելը միայն կը քաւէ անոր անցեալը»:

Ահա Սառայի ողբերգական պատմութիւնը: Սառան այն ժամանակ 15 տարեկան եղած է, ապրած է Ուրֆայի հայկական գիւղերէն մէկուն մէջ: Էյուպ աղան՝ Սառային ապագայ ամուսինը, գիւղի կարկառուն դէմքերէն էր, նշա- նակիւած էր՝ գիւղի հայութիւնը թալանելու եւ տեղահան ընելու համար: Օր մը Սառայենց գիւղը թալանեցին: Թալանողներուն մէջ էր նաեւ Էյուպ աղան: Գիւղին հայ տղամարդիկը հաւաքեցին, տարին: Մօտ մէկ ամիս ետք Սառան գետի ափին լուացք ընելու ատեն կտրուած թեւ մը տեսաւ, մօտեցաւ եւ թեւի ժամացոյցէն հասկցաւ՝ հօրեղբայրն էր: Եւ երբ շունը յափշտակեց թեւը ու վազեց, Սառան հետեւեցաւ շանը եւ հասաւ քարանձաւ մը‘ սարսափազդու տեսարանով. գիւղին բոլոր տղամարդիկ սպաննուած էին, եւ շուները յօշո-   տած էին անոնց դիակները:

Ողջ մնացած գիւղացիները որոշեցին լքել գիւղը, բայց Էյուպ աղան անոնց ալ բռնեց, փակեց մառանի մը մէջ եւ օրերով առանց ջուրի պահեց: Տեսնելով Սառային գեղեցկութիւնը՝ «սիրահարուեցաւ»: Երկու կին ունեցող Էյուպ աղան Սառային ամուսնութեան առաջարկ ըրաւ, եւ երբ Սառան մերժեց, սպառնաց սպաննել անոր ծնողները: Այդպէս ալ ըրաւ: Սակայն երբ հերթը հասաւ Սառային եղբօրը, Սառան համաձայնեցաւ ամուսնանալ   երկու պայմանով՝ չսպանել եղբօրը եւ չփոխել իր՝ Սառա անունը…Չէ՞ որ այդ անունը իր հայրը տուած էր իրեն…

Էյուպ աղան համաձայնեցաւ: Ամուսնութենէն մէկ տարի անց սպաննուեցաւ Սառային եղբայրը: Սառան դաժան կտտանքներու կ’ենթարկուէր ամուսինին կողմէ: Մարդիկ չէին հաւատար, որ ան իսլամութիւնը ընդունած է: Էյուպ աղան, որ տասնեակ հայեր սպաննած էր, նոյն դաշոյնով Սառային մարմնին վրայ խաչեր կ’ընէր, բռնի ուժով կը տիրանար անոր: Սառան 15 երեխայ ունեցաւ, սակայն բոլորն ալ նոյն ձեւով մահացան: Կը պատմեն, որ կա՛մ ինքը՝ Սառան, կա’մ ալ աղային հարեմին մէջ սպաննած են զանոնք:

Էյուպ աղայի մահէն ետք Սառան ամբողջ ունեցուածքը բաժնեց գիւղի կարիքաւորներուն: Անոր մահը նոյնպէս ողբերգական եղաւ: Մարդիկ երբեք չհաւատացին, որ ան իսլամ է եւ օր մը անոր ստիպեցին նամազ ընել: Կատարեց եւ, երբ դուրս եկաւ նամազէն, դեղնեցաւ՝ ուղեղին մէջ արիւնահոսութիւն էր: Տեղափոխեցին հիւանդանոց, չկարողացան փրկել, մահացաւ: