Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու՝ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան շրջանի խնդիրներուն շուրջ նոյնանման մօտեցում ունին։
Ըստ անոր, Թուրքիան ու Ատրպէյճանը միացեալ բազմաթիւ նախագիծեր ունին։ Տաւութօղլու այցելած է Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնին վերընտրուելէ ետք Թուրքիա այցելող Իլհամ Ալիեւին եւ անոր հետ քննարկած Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները։ Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն կարգաւորման համար ջանքեր կը գործադրուին երեք ուղղութիւններով՝ Հայաստան-Թուրքիա, Հայաստան-Ատրպէյճան եւ սփիւռքն ալ ներառող հայ-թրքական հանդիպումներ։
«Մեզի հանդէպ Հայաստանի ունեցած անվստահութիւնը պէտք է յաղթահարենք, սակայն պէտք չէ անտեսենք օրինական պահանջները Ատրպէյճանի, որուն 20 առ հարիւրը բռնագրաւուած կը մնայ», ըսած է ան։
Ան նաեւ ըսած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն յաղթած եւ ուժեղացած ղեկավարներու գոյութիւնը Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար անհրաժեշտ պայմաններ սկսած է ձեւաւորել։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարած է, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին կը պատրաստուի այցելել Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա, եւ այդ այցելութեանց ընթացքին պիտի քննարկէ Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման խնդիրը։ «20 տարիէ ի վեր սառած տագնապը պէտք է ջերմացնել։ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչներէն բաղկացած Մինսքի եռեակը մինչեւ հիմա տագնապը լուծումի չէ հասցուցած։ Ներկայիս մենք համոզուած ենք, որ աստիճանաբար նպատակին հասնելու ուղղուած քայլերը աւելի առողջ արդիւնքի պիտի յանգեցնեն», ըսած է ան։
Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան իր կարգին Ալիեւի հետ հանդիպումին ժամանակ յայտարարած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը որքան Ազրպէյճանի, այնքան ալ Թուրքիոյ հարցն է»։ Իսկ Ալիեւ պատասխանած է, թէ «վստահ ենք, որ Ղարաբաղի հարցին մէջ Թուրքիա պիտի շարունակէ ըլլալ Ատրպէյճանի կողքին»։