Arte հեռատեսիլի կայանը ցուցադրեց «Թուրքիա՝ պառակտուած հանրապետութիւն մը» խորագրեալ 52 վայրկեաննոց փաստագրական ժապաւէնը, ուր կը ներկայացուէր 2013 Յունիսի բողոքի մեծ ալիքը, որուն հետեւեցաւ ընդդիմութեան դէմ գործադրելի արգելքներու շարք մը։

Հոն հարցում կը տրուէր, թէ հանրապետութեան հռչակումէն 90 տարի ետք ո՞ւր կþերթայ Թուրքիա։ Ի՞նչ հետք պիտի ձգէ Պոլսոյ «Թաքսիմ» հրապարակին վրայ վարչապետ Էրտողանի վարած քաղաքականութեան դէմ ծայր առած շարժումը, ուր վերջինս կը մեղադրուի բռնապետութեամբ։ Ժապաւէնը կը յիշեցնէր, թէ վարչապետը 2002-ի իր առաջին ընտրութեան օրերուն մեծ յոյսեր կը ներշնչէր՝ աշխարհին բացուող իսլամութեան պատկերը ներկայացնելով, երբ երկիրը կ'ապրէր տնտեսական աճ մը։ Բայց նոր միջին խաւի երեւան գալէն ետք, որ այլեւս չի հանդուրժեր իր ազատութեան սահմանափակումին, իշխանութիւնը առաջին անգամ ըլլալով դէմ յանդիման կը գտնուի դիմադրական ճակատի մը։