Հ.Յ.Դ. Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ թէ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12ին, Հ.Յ.Դ.ի եւ Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (ԽԺԿ) բարձրաստիճան պատուիրակութեանց միջեւ հանդիպում մը եւս տեղի ունե- ցաւ, այս անգամ՝ Պոլսոյ մէջ:

 Քրտամէտ Խ.Ժ.Կ. կուսակցութեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Նազմի Կիւրը, իսկ Հ.Յ.Դ.-ի պատուիրակութիւնը՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը, որ նաեւ փոխ նախագահն է Ընկերվար Միջազգայնականին:

Պոլսոյ հանդիպումը մաս կը կազմէ երկու կուսակցութեանց միջեւ սկսած երկխօսութեան, որոնք կը կեդրոնանան հայ-քրտական գործակցութեան հաւանականութեանց, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Քիւրտիստանի, ինչպէս նաեւ հայ եւ քիւրտ ազգերու ազգային ու ժողովրդավարական իղձերուն վրայ:

Յիշեցնենք, թէ Հ.Յ.Դ. նախապէս հանդիպում ունեցած էր նոյն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշի հետ, Ուաշինկթընի մէջ: