«Իթար-Թասս» կը հաղորդէ, որ Պուլկարիոյ ներքին գործոց փոխնախարար Վասիլ Մարինով յայտարարած է, որ Պուլկարիոյ կառավարութիւնը հրամայած է երեսուն քիլոմեթր երկարութեամբ պատ կառուցել Էլխովօ քաղաքին մօտ գտնուող թուրք-պուլկարական սահմանին վրայ,
որպէսզի սահմանապահները կարելիութիւն ունենան բազմապատկելու իրենց աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը: Ան նաեւ նշած է, որ պատի կառուցումը նպատակ չունի գաղթականները ետդարձի մղելու, որովհետեւ իրենք այդպիսի քաղաքականութեան կողմ չեն՝ աւելցնելով, որ պատի կառուցման համար անհրաժեշտ է շուրջ 2.5 միլիոն եուրօ:
Ըստ Պուլկարիոյ ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներուն՝ Պուլկարիոյ տարածքին կը գտնուին առնուազն 6500 ապօրինի գաղթականներ: