
Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, Պոլսոյ մէջ սկսան Ընկերվար Միջազգայնականի ժողովները։ Ժողովներուն մասնակցելու համար, Պոլիս մեկնած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ Մարիօ Նալպանտեանէ եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցեու գրասենեակի պատասխանատու Կիրոյ Մանոյեանէ։
Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, կէսօրէ ետք, գումարուեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի ֆինանսներու եւ վարչական յանձնախումբը, որուն անդամ է Հ.Յ.Դ.-ն։ Ժողովին մասնակցեցաւ Մարիօ Նալպանտեանը։ Ժողովը քննեց կազմակերպութեան ֆինանսական վիճակը, իրենց պարտաւորութեանց մէջ թերացող անդամ կազմակերպութեանց ընթացը եւ որդեգրեց կազմակերպութեան Խորհուրդին կողմէ հաստատուելու համար ներկայացուելիք նախահաշիւ՝ 2014-ի մուտքերու եւ ելքերու համար։
Նոյն օրը երեկոյեան, գումարուեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահութեան նիստը, որուն մասնակցեցաւ Մարիօ Նալպանտեանը։ Կազմակերպութեան նախագահ, Յունաստանի ՓԱՍՕՔ կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ երկրի նախկին վարչապետ Եորղոս Փափանտրէուի նախագահութեամբ տեղի ունեցած ժողովը անդարադարձաւ միջազգային քաղաքական իրադարցութիւններու եւ կազմակերպութեան դիմագրաւած հարցերու։ Ժողովին ներկայ էր նաեւ հիւրընկալ՝ Ժողովրդահանրապետական (CHP) կուսակցութեան կուսակցութեան ղեկավար, Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն։
Մարիօ Նալպանտեանը խօսք առաւ կազմակերպութեան հարցերու մասին. մինչ այդ, սակայն, ան նախագահութեան անդամներուն ուղղելով իր խօսքը, ըսաւ, թէ իրեն եւ իր կուսակցութեան՝ Հ.Յ.Դ.-ի համար այս քաղաքին մէջ այս ժողովներուն մասնակցութիւնըպատմական նշանակութիւն ունի, ոչ թէ որովհետեւ պատուիրակութեան անդամներու առաջին այցելութիւնն է Պոլիս, այլ՝ յատկապէս որովհետեւ Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս այս քաղաքին մէջ չէ գտնուած աւելի քան 92 տարիէ ի վեր՝ բոլորին ծանօթ իրադարձութիւններու պատճառով։
Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբերին, սկսաւ Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի ժողովը։ Ժողովի բացման խօսքերէն ետք, յատուկ օրակարգով ելոյթ ունեցան անցեալ Յունիսին, Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակի Գեզի այգիի (ուր նախապէս եղած է հայկական գերեզմանատուն) պահպանման համար տեղի ունեցած շարժումներուն մասնակիցներ, ներկայացնելով Թուրքիոյ իշխանութիւններու հակաժողովրդավարական պահուածքը այս ընթացքին։
Ժողովը անցաւ գլխաւոր օրակարգին՝ «Յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ժողովրդավարութեան համար պայքարներուն առնչուող ընթացիկ տագնապներ եւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան սպառնացող հակամարտութիւններ»։ Բացի անդամ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն, այս օրակարգով ելոյթ ունեցան նաեւ Սուրիոյ ընդդիմադիրներու ներկայացուցիչներ եւ Արաբական լիգայի գլխաւոր քարտուղարի ներկայացուցիչը։
Ելոյթ ունենալով, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը ըսաւ, թէ Սուրիոյ տագնապը ունի միայն քաղաքական լուծում, որուն պէտք է մասնակցին բոլոր անոնք, որոնք համաձայն են երկխօսութան ճամբով հասնելու քաղաքական լուծումի մը եւ պէտք է յարգուին առանց բացառութեան բոլորին իրաւունքները։ Սուրիոյ ժողովուրդին բարեփոխումներու արդար պահանջքը խաբանուեցաւ՝ արտասահմանէն եկած ծայրայեղական խմբաւորումներու զինեալ մասնակցութեան հետեւանքով։ Սուրիան բազմաէթնիկ, բազմակրօն եւ բազմամշակութային երկիր ու հասարակութիւն է, ըսաւ Նալպանտեանը, ուր հայերս, տեղւոյն ժողովուրդներուն եւ կրօնքներուն հետ ապրած ենք աւելի քան հազար տարի եւ պայքարած՝ մեր իրաւունքներուն համար։ «Կը զօրակցինք Ընկերվար Միջազգայնականի այն ճիգերուն, որոնց նպատակն է երկխօսութեան ճամբով նպաստել հարցի լուծման եւ ապահովել բոլոր կողմերու մասնակցութիւնը Ժընեւ 2-ի խորհրդակցութիւններուն», ըսաւ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչը եւ աւելցուց, որ անհրաժեշտ է պահպանել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, որովհետեւ այլապէս պիտի խախտուի նաեւ տարածաշրջանի այլ երկիր- ներու տարածքային ամբողջականութիւնը։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամը շարունակելով իր խօսքը ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի մէջ գոյութիւն ունեցող անկայունութիւնը արեւելեան Միջերկրականէն կը հասնի մինչեւ Կասպից Ծով, որովհետեւ այնտեղ առկայ է ահաւոր սպա- ռազինում, որ կը զուգակցուի ռազմատենչ հռետորութեամբ։ «Այս տարածաշրջանը կարիքը ունի ներդրումներու, կարիք ունի աշխատատեղիներու, կարիք ունի զարգացումի, որոնք կը բարելաւեն կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը եւ կը բաւարարեն շրջանի ժողովուրդներու ընկերային կարիքները, ապագայի նկատմամբ յոյս կու տան երիտասարդութեան եւ այդպիսով երիտասարդութիւնը հեռու կը պահեն ծայրայեղականութիւններէ՝ ահաբեկչութենէ եւ թմրանիւթերէ։ Այդ պատճառով ալ, համաձայն եմ այսօր հնչած այն գնահատականներուն, թէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը չէ նպաստած կայունութեան հաստատման, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, որ Թուրքիոյ կողմէ դէպի Սուրիա տեղի ունեցաւ ապակայունացնող ամէն ինչի ներհոսք։ Իսկ միւս կողմէ Թուրքիան միակողմանի եւ անարդար կերպով արդէն քսան տարիէ ի վեր փակ կը պահէ Հայաստանի հետ սահմանը։ Ժամանակը հասած է, որպէսզի Թուրքիան վերանայի իր պատմութիւնը եւ ընդունի իր պատասխանատուութիւնը 20րդ դարու առա- ջին ցեղասպանութեան ծրագրումի եւ իրագործման համար», ըսաւ Մարիօ Նալպանտեանը։
Նալպանտեանը իր խօսքը աւարտեց, շեշտելով թէ «կը հաւատանք, որ ամբողջ տարածաշրջանի հակամարտութիւնները կը լուծուին երկխօսութեան եւ հակամարտութիւններու տեւական կարգաւորման համար փնտռտուքներու ճամբով։ Այս տեսանկիւնէն կը հաւատանք, որ Ընկերվար Միջազգայնականը պէտք է նպաստէ առկայ կերպարի (paradigm) եւ հա- ւասարութեան փոփոխութեան, ուր պէտք է ապահովել ներդրումներ, ստեղծել նոր աշխատատեղեր, զարգացնել գիտութիւնն ու ճարտարուեստը, բարելաւել առողջապահութիւնը։
Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի ժողովը կը շարունակուի։
Ինչպէս ծանօթ է, Ընկերվար Միջազգայնականը (Socialist International) ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է։ Այն կը համախմբ է բոլոր ցամաքամասերէն աւելի քան 140 երկրներու շուրջ 160 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ։ ԱՊՀ երկրներու կուսակցութիւններէն լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ստացած առաջին կուսակցութիւնը եղած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (2003թ)։ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը կազմակերպութեան փոխ նախագահ է, իսկ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Հովհաննիսյանը՝ ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան տարածաշրջանային յանձնախումբի համանախագահ։ Հ.Յ.Դ. նաեւ անդամ է կազմակերպութեան կազմակերպութեան ֆինանսների եւ վարչական յանձնախմբի։ Հ.Յ.Դ. նաեւ անդամ է Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականին (SIW) եւ Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY)։