Ֆիլմին մէջ կեդրոնական կերպարը՝ Արմենակը, կ՛ըսէ. «Հայերը Իսթանպուլը Պոլիս կը կոչեն»: Պատմութիւնը կը հետեւի սփիւռքահայ ուտ նուագողի մը, որ կը վերադառնայ Պոլիս՝ մասնակցելու համար ուտի փառատօնի մը:
Բեմադրիչ Էրիք Նազարեան «Պոլիս» ժապաւէնի նկարահանման պահուն, դերակատարներու խումբին հետ
Իր կատարումի նախապատրաստութեան ընթացքին ան կ՛երթայ Քատիքոյ՝ քաղաքի անատոլեան մասը, ձեռքին՝ դարադարձի լուսանկարը նոյնպէս Արմենակ անունով իր մեծ հօր, որ ունէր ուտի խանութ մը, որուն հասցէն արձանագրուած է լուսանկարի յետին: Ճամբուն ընթացքին ան կը հանդիպի թուրք այրիի մը, որ կը բնակի այն շէնքին մէջ, որուն տարածքին կը գտնուի իր մեծ հօր ուտի խանութը: Անոնց ուղեւորութեան տեւողութեան ընթացքին, Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անոր յաջորդող ժամանակաշրջանին Արմենակի ընտանիքին պատմութիւնը կը բացայատուի:
Սփիւռքահայու մը ներքին եւ արտաքին կերպարը նկարագրուած՝ երբեք պաստառի վրայ չէ դրուած Թուրքիոյ մէջ: Այս ժապաւէնը փորձ մըն է անդրադառնալու Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութեան դիմագրաւած հարցերուն: