ԱՊԱ լրատու գործակալութեան փոխանցման համաձայն, տարածաշրջանային այցելութեան ծիրէն ներս, Պաքու ժամանած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով։
Ան խօսելով Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր ունեցած հանդիպման մասին, յայտնած է թէ Ալիեւ համաձայնութիւն յայտնած է հանդիպելու իր հայ պաշտօնակիցին հետ եւ նախագահներու հանդիպումը կը նախատեսուի կազմակերպել մինչեւ տարեվերջ։
Իկոր Փոփով աւելցուցած է թէ նոյն հարցը պիտի քննարկէ նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, ապա միջնորդները հանդէս պիտի գան պաշտօնական յայտարարութեամբ։
Ինչպէս նշած էինք, Փոփով եւ երկու միւս համանախագահները՝ Ճէյմզ Ուորլիք եւ Ժաք Ֆոր տարածաշրջանային այցելութիւն կը կատարեն Պաքու եւ Երեւան։ Անոնք երէկ երեկոյեան Երեւան ժամանեցին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդ. Նալբանդեանի հետ հանդիպումներ ունենալու համար։