Կարսի նահանգի սահմանային զինուորական կեդրոնին մէջ գտնուող 7-րդ դարու Մրենի հայկական տաճարը ընդգրկուած է «Յուշարձաններու համաշխարհային ֆոնտ»-ի (World Monuments Fund – WMF) պահպանութեան կարիք ունեցող յուշարձաններու ցուցակին մէջ:

Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը յայտնէ թրքական Talal համացանցային թերթը:

1996-էն սկսեալ WMF-ը երկու տարին մէկ անգամ կը հրապարակէ աշխարհի յուշարձաններու այն ցուցակը, որոնք պահպանութեան յատուկ կարիք ունին: Կազմակերպութեան ղեկավար Պոնի Պուրնհեմի հրապարակած 2014-ի ցուցակին մէջ ընդգրկուած է պահպանութեան կարիք ունեցող 41 երկրի 67 յուշարձան: