Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը երէկ փոխանցեց Ատրպէյճանի կառավարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուի մը խօսքը, թէ՝ Պաքու մտահոգուած է տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան նահանջին համար, սուրիական տագնապին պատճառով:

Թերթը հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի շատ մօտ կանգնած պատասխանատուն նկատեց, որ «Թուրքիա շատ մեծ սխալներ գործեց արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ, մասնաւորաբար՝ Սուրիոյ նկատմամբ, ինչ որ աղէտալի հետեւանքներ ունեցաւ»:

Ազերի պատասխանատուն հետեւեալ ձեւով նկարագրած է արտաքին քաղաքականութեան մէջ Թուրքիոյ պարզած վիճակը, եւ՝ ատոր ազդեցութիւնները Ատրպէյճանի վրայ.

1.- Թուրքիա Ատրպէյճանի համար ամէնէն կարեւոր երկիրն է, ոչ թէ Ռուսիա, Ամերիկա կամ Իրան, այլ՝ Թուրքիա: Հետեւաբար թրքական արտաքին քաղաքականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներ մեծապէս կ՛ազդեն Ատրպէյճանի վրայ:

2.- Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ հետապնդած քաղաքականութիւնը մեզի պատճառեց եւ կը շարունակէ պատճառել մտահոգութիւն, քանի որ մենք վախ ունինք, որ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ նուազի, նահանջ արձանագրէ: Թրքական դիւանագիտութեան նահանջի պարագային, միւս երկիրները կը սկսին ազդեցութիւն բանեցնել մեր վրայ, եւ ես չեմ գիտեր, թէ որքա՛ն կրնանք տոկալ:

3.- Փութին Պաքու ժամանեց անցեալ Օգոստոսին եւ առանձինն տեսակցեցաւ Ալիեւի հետ՝ ամբողջ եօթը ժամ: Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն մեծ կարեւորութեամբ Ռուսիա կը զբաղի Ատրպէյճանի հետ: