Երէկ հրատարակուած տեղեկութեանց համաձայն՝ Ատրպէյճանի կառավարութեան 2014 տարուան ամավարկին մէջ, ռազմական ծախսերուն պիտի յատկացուին 2.1 միլիառ տոլար,

ինչ որ 2013ի ամավարկին մէջ ռազմական ծախսերուն յատկացուած գումարէն 7.1 տոկոս աւելի է:

Նաեւ, ռազմական ծախսերը ընդհանուր ամավարկին 14.7 տոկոսը կը կազմեն:

Համեմատութեան համար յայտնենք, որ Հայաստանի 2014ի պիւտճէն ընդամէնը 3.1 միլիառ տոլար է: