ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայաստանեան լրատու գործակալութիւններ թարգմանաբար ներկայացուցած են հատուածներ վերլուծական այն յօդուածէն, որ լոյս տեսած է «Սթրեթըճի Փէյճ» կայքին վրայ եւ որուն մէջ կը ներկայացուին Ղարաբաղի հաւանական պատերազմի մասին մեկնաբանութիւններ։ Ստորեւ՝ որոշ բաժիններ.-
Ատրպէյճան 95 առ հարիւր համեմատութեամբ իսլամական երկիր է, եւ թէեւ եռապատիկ կը գերազանցէ Հայաստանին՝ իր բնակչութեան թիւով, եւ աւելի հարուստ պետութիւն է՝ քարիւղին շնորհիւ, բայց հայերը աւելի լաւ զինուորներ են։
Ատրպէյճան լուրջ ջանքեր կը ներդնէ արդիւնաւէտ բանակ մը ստեղծելու եւ երկրին տնտեսութիւնը զարգացնելու համար։ Ատրպէյճանի պարտութիւն՝ կազմակերպեալ հայկական զօրքերուն դէմ, գլխաւորաբար ատրպէյճանական վարչական փտախտի եւ երկպառակութեան հետեւանք էր։ Բացի ատկէ, հայերը դարերէ եկած ռազմական աւանդութիւններ ունին։
Ատրպէյճան Պէտք Է Նկատի Ունենայ Հայերուն Պատերազմելու Փորձառութիւնը Կը Հաստատէ «Սթրեթըճի Փէյճ»
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան