Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայոց պատմական մայ- րաքաղաք Անիի աւերակները կ’աւելցնեն թուրքերու՝ զբօսաշըրջութենէն սպասուած եկամուտները:
Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով ermenihaber.am-ը:
Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Կարսի նահանգային կառոյցի ղեկավար Հաքան Տողանայը «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան յայտնած է, որ 2012 թուականին Անիի աւերակները ունեցած են տոմսերով 43.657 այցելու: Իսկ 2011-ին այդ ցուցանիշը եղած է 23.400: Զբօսաշրջիկներուն 30 տոկոսը օտարներ են, 70 տոկոսը՝ տեղացիներ:
Թուրք պաշտօնեան տեղեկացուցած է, որ այս տարի նպատա- կադրուած են գերազանցել նախորդ տար-ւան ցուցանիշը: Ան նաեւ նշած է, որ Անիի աւերակներուն մէջ պահպանուած կայ 21 պատմամշակութային կոթող, եւ եթէ աւելի խորացուի Անիի ուսումնասիրութիւնը, աւելի շատ պեղումներ ըլլան, զբօսաշրջութիւնն ալ աւելի կը զարգանայ ողջ յարակից շրջաններուն մէջ:
Անիի Աւերակները՝ Թուրքիոյ Զբօսաշրջութեան Եկամուտի Աղբիւր
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան