Թրքական  «Հիւրրիյէթ»  թերթը  երէկ  հաղորդեց,  թէ  Թուրքիոյ ներքին  գործոց նախարարութիւնը  հաստատած  է՝  նոր  բացայայտուած  այս  տեղեկութիւնը

Երէկուայ մեր թիւով կ'անդրադառնայինք Թուրքիոյ «Ակօս» թերթի ցնցիչ բացայայտման, թէ թրքական կառավարութիւնը «ցեղային գաղտնաթիւեր»  կ՛օգտագործէ հայ-յոյն-հրեայ փոքրամասնութեանց մաս կազմող իր քաղաքացիները զանազանելու համար:


Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը երէկ հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է նոր բացայայտուած այս տեղեկութիւնը:
Արդէն իսկ փոքրամասնութեանց նկատմամբ ոչ նախանձելի քաղաքականութիւն վարող երկիրի մը մէջ նման քայլ մը խտրականութեանց առջեւ լայն դուռ կը բանայ եւ ցոյց կու տայ, թէ խտրականութեան արմատները կը հասնին մինչեւ «արդի» Թուրքիոյ հանրապետութեան հաստատման օրերը:
Ինչպէս ծանօթ դարձաւ՝ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը խիստ կերպով կը հետեւի փոքրամասնական դպրոցներուն, որպէսզի հոն յաճախեն միայն այդ փոքրամասնութեան պատկանող աշակերտներ:
Դէպքի բացայայտումէն ետք թուրք պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ միայն նշեալ փոքրամասնութեանց (այսինքն՝ հայ-յոյն-հրեայ) անդամները «ցեղային գաղտնաթիւեր» ունին, մինչ՝  այլ ոչ թուրք քաղաքացիներուն «ցեղային գաղտնաթիւ» չէ ...«շնորհուած»:
Այս լուրին բացայայտումը քննադատութեանց դուռ բացած է կառավարութեան հասցէին, եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններ կոչ ըրած են, որ անմիջապէս ջնջուի խտրականութեանց առաջնորդող այս դրութիւնը: