ԴՐԱՄԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴԴԷՄ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ «ՄԱՆՐՈՒՔ»ՆԵՐՈՒՆ
Այս տարուան Հոկտեմբերի կէսերուն, Ատրպէյճանի մէջ տեղի պիտի ունենան նախագահական ընտրութիւններ: Այս առթիւ, Եւրոպական Խորհրդարանը յայտարարած է, որ այլեւս անհրաժեշտութիւն չի տեսներ Ատրպէյճանի մէջ դիտորդական առաքելութիւն ղրկելու՝ նախընտրական դիտարկումները կատարելու համար:
Այս որոշումը շատ բարձր գնահատուած է Պաքուի կողմէ, որ «անկախացումէն ի վեր՝ երկրին պատմութեան ամենէն կարեւոր պահերէն մէկը» որակած է:
Նշենք, որ Եւրոպական Խորհրդարանը վերջին 10 տարիներուն ղրկած է դիտորդական առաքելութիւններ դէպի աւելի քան 100 երկիրներ, ուր իր գնահատականով՝ ընտրական պատշաճ մթնոլորտ չէր տիրեր:
Ատրպէյճանցի երեսփոխան Էլխան Սուլէյմանով՝ եւրոպական այս որոշումին առթիւ ըսած է. - «Եւրոպական Խորհրդարանի վստահութեան այս արտայայտութիւնը վերջապէս թոյլ պիտի տայ Ատրպէյճանի մասին այլ դատում կայացնելու, որպէս Եւրոպայի աւելի ժողովրդավար երկիր մը: Երկիր մը, որու ընտրական գործընթացը կþընկալուի միջազգային արժէքներուն եւ չափանիշներուն յարիր»: Չէ մոռցած աւելցնելու, թէ Եւրոպական Խորհրդարանը այս տարի առաքելութիւն ղրկելու հարկը տեսաւ Հայաստան, ու նոյնպէս՝ կը նախատեսէ ղրկել նաեւ Վրաստան: Ըստ Սուլէյմանովի, այսպէսով Ատրպէյճան կը դառնայ հարաւային Կովկասի առաջին երկիրը, որ հարկ չունենար «արտաքին վերահսկողութեան»:
Ատրպէյճանցի երեսփոխանը յիշած է Ճափոնը, Արժանթինը, Աւստրալիան, Նորվեկիան եւ Իսլանտան՝ երկիրներ ուր Եւրոպա հարկ չի տեսներ ընտրական վերահսկողութիւն կատարելու: Դիտել տալով որ այդ երկիրներուն բոլորն ալ «ժողովրդավարութեան ցանկին բարձրագոյն աստիճանները կը գրաւեն», Սուլէյմանով այդպէսով կþուզէ եզրակացնել, որ իր երկիրն ալ մաս կը կազմէ աշխարհի ամենէն ժողովրդավարացած երկիրներուն...:
Միայն, թէ զարմանալիօրէն՝ Ատրպէյճան քանի կը հարստանայ իր նաւթատոլարներով, այնքան կը «ժողովրդավարանայ» յատկապէս Արեւմուտքի աչքին, մինչ երկրի ներքին կեանքին մօտէն հետեւողները գիտեն, որ Ալիեւներու տոհմին անխնայ բռնատիրութիւնը աւերներ կը գործէ, վկայ՝ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու ատրպէյճանական թղթածրարները, որոնք ամենէն հաստափորերն են: