«Քադիքյոյ գազեթեսի» ելեկտրոնային թերթի յօդուածագիրը անդրադարձած Պոլսոյ ճարտարապետական տեսքը կերտելու գործին մէջ մեծ դեր ունեցած վարպետներուն:

Յօդուածագիրը յատկապէս մեծ անդրադարձ կատարած է հայկական Պալեան յայտնի տոհմի ներկայացուցիչներուն, որոնց դերը անգնահատելի եղած է Պոլսոյ ճարտարապետութեան մէջ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք յօդուածի որոշ բաժիններ.-

«Առանց երկար մտածելու՝ կրնամ ըսել, որ Պոլիսը աշխարհի ամենագեղեցիկ քաղաքն է: Պոլիսը տեսած մարդիկ գիտեն այս մէկը: Ֆիլմերուն ու հեռատեսիլի սիրեալներուն մէջ միշտ Պոլիսը կը պատկերուի ու իր գեղեցիկ նեղուցները: Պահ մը պատկերացուցէք, որ զբօսանաւը կը շարժի նեղուցով, դուք ալ նաւի մէջէն կը դիտեք շրջակայքը: Ինչքա՜ն գեղեցիկ ու հրաշագեղ շինութիւններ կուգան ու կ'անցնին ձեր աչքերուն առջեւէն»:

Յօդուածագիրը կը նշէ թէ Պոլսոյ ճարտարապետութեան մէջ բազմաթիւ տաղանդաւոր վարպետներ կարելի է թուարկել: Անկասկած կարեւոր է Սինան ճարտարապետի դերը, եւ նոյնպէս հայազգի Պալեաններու նշանաւոր տոհմի անունը, որ առանձնակի նշանակութիւն ունեցած են Պոլսոյ դիմագիծի կերտման մէջ:

 Օսմանեան կայսրութեան շրջանին ճարտարապետական գործերով կը զբաղուէր «Հասսա ճարտարապետների տունը», որը Օսմանեան կայսրութեան թուլացման հետ զուգահեռ աստիճանաբար անկում ապրեցաւ եւ արդէն 1831 թուականին անոր փոխարինելու եկաւ «Բնիյ»-ի Հասսա տնօրէնութիւնը»: Այս կառույցին մէջ համապատասխան գիտելիքներով ճարտարապետներու պակասը լրացնելու համար ներգրաւուեցան հայկական Պալեան ճարտարապետական տոհմի ներկայացուցիչները:

Յաճախ կը պատահէր, երբ Կայսերիի տղամարդիկ կը մեկնէին աւելի խոշոր քաղաքներ շինարարութեամբ զբաղելու նպատակով: Շատ պարագաներու անոնք մեծ յաջողութիւններու կը հասնէին այդ բնագաւառէն ներս, քանզի շինարարական գործին մէջ անոնք հրաշալի վարպետներ էին: Կայսերիէն Պոլիս գացած շինարարներէն էր նաեւ հայազգի վարպետ Պալին: Իրականութեան մէջ ան այնքան ալ ճարտարապետ չէր, բայց կարողութիւնը ունէր շատ գեղեցիկ շինութիւններ կառուցելու: Իսկ իր գործերը լրացնելու եկան իր որդիներու հրաշագեղ ստեղծագործութիւնները:

Պոլիս ըսելու ժամանակ երբ մարդիք կը պատկերացնեն որոշ կարեւոր շինութիւններ՝ անոնք են որ ճիշդ այս տոհմի ստեղծած կառոյցներն են::

Արագ ներկայացում մը կատարելով ահա Պալեաններու տոհմի առանցքային ներկայացուցիչները իրենց կատարած գործերով հանդերձ.-

 

Վարպետ Պալի

Պալին ճարտարապետ չէր, ան շինարարութեան վարպետ էր: Ունէր 3 որդի՝ Գրիգորը, Սենեքերիմը, եւ Պետրոսը, որոնցմէ երկուքի՝ Գրիգորի եւ Սենեքերիմի անունները յատկապէս կապուեցան Պոլսոյ ճարտարապետութեան պատմութեան հետ:

 

Գրիգոր Պալեան  (1764-1831թթ)

Սելիմ 3-րդ սուլթանի ժամանակ ան նշանակուած էր Հասսա ճարտարապետական տան ճարտարապետ: Իր ստեղծագործութիւններու շարքին կը պատկանին Ռամի, Դաւութ փաշայի Հրետանային կառապաններու, Թաքսիմի հրետանային եւ Սելիմիյէի զօրանոցները, ինչպէս նաեւ Նիւսրեթիյէ մզկիթը:

 

Սենեքերիմ Պալեան (1768-1833թթ)  

Իր ձեռքով ստեղծուած ամենածանօթ կառոյցը Պեյազետի աշտարակն է, որ ունի 85 մեթր բարձրութիւն եւ օգտագործուած է որպէս հրշէջ աշտարակ:

 

 

 

 

 

 

 

Կարապետ Պալեան (1800-1866) 

Կարապետ Պալեանը Գրիգոր Պալեանի որդին էր: Իր ստեղծագործութիւններուն կը պատկանի Քիւլելի զօրանոցը, իսկ իր ամենակարեւոր կերտվածքը անկասկած հռչակաւոր Տոլմապահչէ պալատն է:

 

Նիկողոս Պալեան (1826-1858)  

Տոլմապահչէ պալատի ճակատային մասի զարդարանքը այս ճարտարապետի գործն է: Չորս հարկ եւ 27 մեթր բարձրութիւն ունեցող Տոլմապահչէի ժամի աշտարակի եւ մզկիթի հեղինակն է: Օրթաքիոյ մզկիթը նոյնպէս իր ձեռքի գործն է:

 

 

 

 

 

 

Սարգիս Պալեան (1835-1899) 

Սարգիս Պալեանը այս հռչակաւոր գերդաստանի ամենածանօթ ճարտարապետն է: Իր հեղինակած կառոյցները մէկը միւսէն կարեւոր են եւ անոնցմէ մօտաւորապէս 50-ը դեռ կանգուն կը մնան մինչեւ այսօր: Իր ամենածանօթ կառոյցը Չըրաղան պալատն է:

 

Յակոբ Պալեան (1838-1875) 

Ապտուլազիզ սուլթանի փափաքով Յակոբ եւ Սարգիս Պալեաններու կողմէ կառուցուեցաւ Պէյլերպէյի պալատը: Պալատի կառուցումը տեւեց հինգ տարի, իսկ աշխատանքներուն մասնակցեցաւ հինգ հազար բանուոր:

 

Վերջաւորութեան յօդուածի հեղինակը կ'աւելցնէ.«Իզուր չէ, որ Պոլիսը ամենագեղեցիկ քաղաքն է… Ամէն մէկ քարը նախշի նման մշակել են...» դիտել տուած է ան, ակնարկելով հայազգի ճարտարապետներու հոյակապ աշխատանքին: