«Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար անհրաժեշտ է ազատագրել Ատրպէյճանի տարածքները»: Այսպիսի յայտարարութիւն կատարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն երէկ Յուլիս 17-ին Պաքուի մէջ պաշտօնական հանդիպումներուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, կը հաղորդէ ատրպէյճանական Trend գործակալութիւնը: Ան Պաքու ժամանած էր մէկ օր առաջ, պաշտօնական այցով:
«Այսօր մենք արդիւնաւէտ հանդիպումներ ունեցանք Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի եւ արտաքին գործերու նախարարի հետ: Փոխ համաձյանութիւն ձեռք բերուեցաւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու դիւանագէտներու միջեւ փորձառութեան փոխանակման շուրջ», ըսած է Տաւութօղլուն:
Ըստ իր խօսքերուն՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան երկու եղբայրական երկիրներ են, եւ աշխարհի մէջ չկայ սերտ համագործակցութեան որեւէ երկրորդ նման օրինակ:
«Կան համագործակցութեան մեծ ծրագրեր, եւ մեր երկու երկիրներուն միջեւ առկայ են նաեւ համագործակցութեան գործնական արդիւնքներ», ըսած  է ան, աւելցնելով թէ Նոյեմբերին, Պաքուի մէջ պիտի կայանայ երկու երկիրներու միջեւ Ռազմավարական համագործակցութեան բարձագոյն խորհուրդի նիստ: