
Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթը Չորեքշաբթի՝ Յունիս 12ի իր թիւին մէջ կը գրէ, թէ իրենց նահատակութենէն ճիշդ 98 տարի ետք, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կախաղան բարձրացած ղեկավարներու՝
Քսաններու ոգին վերստին պիտի վերադառնայ Սուլթան Պայազիտ հրապարակ եւ Պոլիս, ուր յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենան անոնց յիշատակին նուիրուած աննախադէպ երկու ձեռնարկներ, ներկայութեամբ՝ թուրք, հայ եւ օտար մտաւորականներու, քաղաքական եւ հանրային գործիչներու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներու:
Երէկ Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած է ոգեկոչական ձեռնարկ մը, ուր ելոյթ ունեցած է մարդկային իրաւանց ծանօթ պաշտպան, հրատարակիչ, մտաւորական Ռակըփ Զարաքօլու, եւ այլ անձեր:
Շաբաթ՝ Յունիս 15ի յետմիջօրէին, Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ խորհրդանշական հաւաք: Կ'ակնկալուի, որ քսան երիտասարդներ ներկայացնեն Հնչակեան Քսան անմահներու կախաղան բարձրանալու տեսարանը:
Ս.Դ.Հ.Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը յայտարարած է, թէ ձեռնարկներու ծրագրաւորումն ու գործադրութիւնը նախաձեռնութիւնն են Թուրքիոյ մէջ գործող ժողովրդավարական, ազատախոհ ուժերու: