Էրտողան. «Կոչ կ'ուղղեմ այգիին մէջ հաւաքուած
երիտասարդներու ծնողներուն՝ տարէք ձեր զաւակները այստեղէն»

Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ նոր բախումներ պատահած են դարձեալ, երբ ապահովութեան ուժերը ժամանած են, պատճառաբանելով, որ կ'ուզեն միայն հրապարակը հոս ու հոն կախուած պաստառներէ ու այլ աղտոտութիւններէ մաքրել:

Բայց անոնք հանդիպած են թերահաւատ ցուցարարներու ընդդիմութեան, հակառակ այս վերջիններուն տրուած բոլոր երաշխիքներուն, թէ իրենց ուղղութեամբ որեւէ միջամտութիւն պիտի չկատարուի: Այնուհետեւ տեղի ունեցած են բախումներ, որոշ խմբակներ քար եւ Մոլոթոֆ ռումբեր արձակած են ոստիկանութեան ուղղութեամբ: Թէեւ, դատելով կասկածելի որոշ երեւոյթներէ, կ'ըսուէր թէ այս մէկը ոստիկանութեան կողմէ ի գործ դրուած բեմադրութիւն մըն է, նախ՝ վարկաբեկելու համար շարժումը, ապա նաեւ որպէս պատրուակ գործածելու՝ աւելի բուռն ու վճռական միջամտութիւններու, որոնք հաւանական կը նկատուէին յաջորդող ժամերուն: Այդպէս ալ եղած է, եւ նոյն գիշերը շատ աւելի ծաւալուն գործողութեամբ մը, նոյնիսկ հողաբարձ պուլտոզըրներու ալ մասնակցութեամբ, ոստիկանութիւնը խուժած է Թաքսիմի հրապարակը: Իրավիճակը կը մնայ խիստ լարուած:

ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻՆ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՀԵՏ

Վարչապետի Էրտողանին հետ ցուցարարներու ներկայացուցիչները հանդիպելու առիթ ունեցած են, իսկ խօսելու հրաւիրուածներուն մէջ եղած են ծանօթ անուններ՝ «Անատոլու» մշակութային կեդրոնի վարիչ, ծանօթ գործարար Օսման Գավալա, Հայկօ Պաղտատ, ինչպէս նաեւ Հէլսինքի եւ Կրինփիս կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Բայց միւս կողմէ, Թաքսիմի դիմադրողները պնդած են, թէ յիշեալ պատուիրակութիւնը իրենց հետ կապ չունի եւ թէ իրենք արդէն իրենց պահանջները աւելի առաջ հաղորդած էին վարչապետին: Անոնք պնդած են նաեւ, որ բուն խօսակիցը իրենք են:

ԶՕՐԱՆՈՑԻ ՄԸ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ԵՒ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ
ԳՐԻԳՈՐ ՊԱԼԵԱՆԻ ՈԳԻՆ

Իշխանութեան գլուխ գտնուող կրօնամէտ AKP կառավարութեան Մշակոյթի նախկին նախարար էրթուղրուլ Կիւնայ, որ այս դէպքերուն առթիւ կառավարութեան դէմ յայտարարութիւններ կÿընէ ու Թուիթըրի միջոցով պատգամներ կը փոխանցէ գրեթէ ամէն օր, նոր գրութեամբ մը կրկին դէմ արտայայտուած է վարչապետ Էրտողանի վարած քաղաքականութեան: Այս անգած ան ըսած է. «Հիմա ժամանակն է, որ սա լարուած մթնոլորտը մեղմացնելու քայլեր առնուին: Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ առաջնորդ մը, որ իր դէմ լարած է ժողովուրդը, երիտասարդութեան ըսէր, որ ինք ծառերուն տէր կը կանգնի եւ հոգ չէ, Գրիգոր վարպետին զօրանոցէն ալ կրնայ հրաժարիլ»:

Թուրք նախկին նախարարին կողմէ յիշուած Գրիգոր վարպետը Գրիգոր Պալեանն է՝ ճարտարապետը 1789 թուականին Սուլթան Սէլիմ Գ.ի շրջանին՝ Թաքսիմի այսօրուան խնդրայարոյց տարածքներուն վրայ գոյութիւն ունեցած զօրանոցին, զոր Էրտողան կ'ուզէ վերակառուցել, վստահաբար՝ օսմանեան անցեալը վերականգնելու իր տեսլականին շրջագիծին մէջ:

Խնդրոյ առարկայ այս շէնքը, որ «Թօփչու Քըշլասը» (Հրետաձիգներու Զօրանոց) կը կոչուէր, կը գտնուէր հոն, ուր ներկայիս կը գտնուի «Կէզի» հանրապարտէզը: Ան իր շրջափակին մէջ ունէր նաեւ մարզադաշտ մը, ուր ելոյթ կ'ունենար ֆութպոլի երբեմնի հայկական համբաւաւոր Թաքսիմի խումբը: Զօրանոցը փլցուած է 1940ին, այն ատենուան կուսակալ Լիւթֆիւ Քըրտարի (ան կը պատկանէր CHP կուսակցութեան, որ ներկայի ընդդիմադիր գլխաւոր ուժն է եւ շարժումին մղիչ ուժը) հրահանգով: Նշենք, որ Քըրտար այդ քայլին դիմած է հետեւելով Անրի Փրոսթ անունով քաղաքաշինութեան ֆրանսացի ճարտարապետի մը խորհուրդներուն, սակայն փլցուածին տեղ՝ նախատեսուած յատակագիծը երբեք չէ իրագործուած ու ի վերջոյ վերածուած է ներկայիս հռչակաւոր դարձած «Կէզի» հանրապարտէզին:

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՔԱՐԻ
ԶԵՏԵՂՈՒՄԻ ՓՈՐՁԸ ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ
ՁԱԽՈՂԱԾ Է ՈՒ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ

Ինչպէս գրած էինք, «Կէզի» հանրապարտէզին մէկ մասին վրայ ալ տարածուող նախկին հայկական գերեզմանատան մէջ 1919ին զետեղուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին նուիրուած յուշակոթող մը, որ մնացեալին ճակատագրին արժանացած է՝ քանդուած ու անհետացած (հաւանաբար տեղ մը ծառայած է որպէս սանդխամատ, ինչպէս հայկական նախկին գերեզմանին շիրմաքարերէն շատերը):

Սուրբ Յակոբ գերեզմանատան մէջ, 1919-ին կանգնած է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձան մը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր համաշխարհային առումով: Այդ տարին, այդ նպատակով կազմուած է յանձնաժողով մը եւ մշակուած է ոգեկոչումներու ծրագիր մը:

Հետզհետէ ջուրի երես բարձրացող անցեալի ճշմարտութիւններուն լոյսին տակ՝ մարդկային իրաւանց պաշտպան «Տուր տէ» կազմակերպութիւնը, ցուցարարներու խումբի մը հետ փորձած է այդ յուշաքարին տեղը զետեղել յուշատախտակ մը, մասամբ դարմանելու համար գոնէ այդ սխալը: Սակայն, անոնք ենթարկուած են քէմալականներու եւ այլ ազգայնականներու հակազդեցութեան, ստեղծուած է լարուած մթնոլորտ, որու որպէս հետեւանք՝ գէթ առայժմ յետաձգուած է զետեղումը:

ԱՄԷՆ ՔԱՐԻ ՏԱԿԷՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼ ՄԸ ԵՐԵՒԱՆ ԿՈՒԳԱՅ

Ինչպէս կ'երեւի, բառին փոխաբերական եւ բո՛ւն իմաստով՝ ամէն քարի տակէն հայկական անցեալ կը համբառնայ, պատմութիւնը կը հալածէ զինք պղծողները, թերեւս ալ իր անէծքն է, որ կը թափէ անոնց վրայ…: