Երէկ առաւօտուն ոստիկանական ուժեր խուժեցին Թաքսիմի հրապարակը, որպէսզի հոն հաւաքուած անօրինական խումբերը հեռացնեն եւ իրենց դրօշակները վար առնեն՝ կախուած տեղերէն: Վերջին օրերուն ցոյցերը սկսած էին հաւաքոյթի բնոյթ ստանալ, ուր տարբեր ուժեր (ծայրագոյն ձախակողմեան, քրտական,մարքսիստական խումբեր) գերակշռող ներկայութիւն սկսած էին դառնալ:Կուսակալը նախապէս յայտարարած էր, որ խաղաղ
ցուցարարներուն դէմ որեւէ միջամտութիւն պիտի չարտօնուէր, այսուհանդերձ քիմիական կազերը խեղդեցին հրապարակը եւ ոստիկանական զրահապատ ինքնաշարժներ վրայ հասան: Ցուցարարները Մոլոթոֆ ռումբերով պատասխանեցին, պաշտպանուելով ինքնաշխատ վահաններու ետին:
Այս ցոյցերու ընթացքին շատ զարմանալի զարգացումներ եղան, որոնք Թուրքիոյ մէջ կարելի չէր նաեւ մտածել մինչեւ այսօր: Քեմալիստները եւ ՓՔՔ Քրտական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները քով-քովի իրենց դրօշակները պարզեցին՝ այսինքն Աթաթիւրքի եւ Օճալանի մեծ նկարները իրարու քով պարզուեցան:
Իրարու թշնամի եղող ոտնագնդակի խումբերու խուլիկանները, որոնք միշտ իրարու դէմ կը կռուէին՝ միացան եւ միասին կատարեցին իրենց ցոյցերը: Մինչեւ իսկ հրկիզուեցան թրքական դրօշակներ: Կային Հայոց ցեղասպանութեան մասին ճառախօսութիւններ ընողներ եւ նոյնիսկ ոմանք փորձեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան մը զետեղելու քայլեր առնել, Թաքսիմի հրապարակին վրայ, բայց հոն գտնուող ցուցարարներէ ոմանք չարտօնեցին:
Նշենք, թէ Թուրքիոյ մէջ ընթացող ընկերային տագնապին իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն այլ երկիրներու մէջ ապրող թուրքեր կամ այլազգ քաղաքացիներ: Ցոյցեր տեղի ունեցան աշխարհի շատ մը քաղաքներու մէջ, հիմնականօրէն հոն, ուր կան թրքական համայնքներ: Զօրակցական ցոյց կազմակերպուեցաւ նաեւ Պաքուի մէջ, ուր խումբ մը հանրային գործիչներ համախմբուած են, եւ բողոքի գացած՝ թրքական դեսպանութեան դիմաց: Սակայն, ոստիկանները շէնքին առջեւ դիրք գրաւելով՝ արգելք հանդիսացած են ցուցարարներու յառաջխաղացքին:
Այսօր առաւօտեան ժամը 5էն Թաքսիմի ամայացած հրա-պարակին վրայ, պուլտոզըրներ եւ աղբահաւաք ինքնաշարժներ մուտք գործած են: