Գերմանական «Ֆրանկֆուրտեր ալգեմայնէ ցայթունկ» («ՖԱՑ») Փետրուար 23-ի իր թիւով անդրադարձած էր Թուրքիոյ մէջ ծպտեալ հայերու խնդրին: Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու 100 տարին բոլորող ցեղասպանութենէն յետոյ, հետզհետէ   կը շատնայ իրենց հայկական ծագումը ճանչցող ու բացայայտող թուրքերու թիւը,  կը գրէ թերթը: Շատ վերապրողներ, վախի պատճառով, ստիպուած եղան թուրքի անուան տակ իսլամ դառնալու: Այս

կացութիւնը սակայն չի նշանակեր, թէ Թուրքիան պաշտօնական ճանաչման կը ձգտի: Բայց կառավարութիւնը քրիստոնեայ փոքրամասնութեան հանդէպ քայլեր  կատարած է կը գրէ թերթը:
«ՖԱՑ» թերթը իր հրապարակման կցած է նաեւ «Տոյչէ վելլէի» նոյն թեմայով ֆիլմը, որ  զետեղած է նաեւ իր կայքէջին վրայ: Նոյնը ըրած է նաեւ «Տի վելթ» թերթը: