Նախ հաղորդուեցաւ, ապա հերքուեցաւ, ապա դարձեալ հաստատուեցաւ: Խօսքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման մասին տարածուած լրատուութեան կը վերաբերի, որ տարբեր հանգրուաններէ անցաւ վերջին երեք օրերուն ընթացքին:
Ըստ «Թրենտ» լրատու գործակալութեան փոխանցման, Ուաշինկթընէն Պաքու վերադարձի ճամբուն վրայ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար

Էլմար Մամետիարով Լոնտոնի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ եւ հաստատած է որ մինչեւ Յունիս վերջ պիտի հանդիպի հայ իր պաշտօնակիցին հետ, նախապատրաստելու համար երկու երկիրներու նախագահներուն հանդիպումը:
Պաքուի մէջ ԱՄՆի դեսպան Ռիչըրտ Մորնիսնկսթար խօսած էր Ուաշինկթընի մէջ Ճոն Քերիի հետ Է. Նալբանդեանի եւ Է. Մամետիարովի  ունեցած հանդիպումներուն մասին ու յայտնած էր թէ «Ամերիկա խիստ շահագրգռուած է այս (Ղարաբաղի) հակամարտութեան լուծման ուղին գտնելով, սակայն այդ խնդիրը ամբողջութեամբ կախեալ է հակամարտող կողմերէն»: