Պաքու ծնած Գրիգորի Այվազեանը, որ ներկայիս կը գլխաւորէ Ատրպէյճանի հայերու համախըմբումը,  բացայայտած է իր ծրագրերը՝ Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրելու նպատակով:
Ինչպէս կը հաղորդէ Հայաստանի պետական կայանը, Այվազեան տեղեակ է հարցի լրջութենէն եւ համոզուած է, որ կը ստանայ ձայներու 60%ը: