ՑՈՅՑԵՐԸ ԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ
ԸՍՏ CNN-Ի՝ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ 
ԿԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑԷ 3.ՕՕՕ-Ը

Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ վարչապետ Էրտողանի յօրինած նոր յատակագիծի գործադրումին ընդդիմացող Թուրքիոյ քաղաքացիները կը շարունակեն իրենց բողոքի արտայայտութիւնները, ամբողջ երկրին մէջ տարածուած բողոքի ցոյցերով:

Պոլսոյ «Կեզի» այգիի պահպանման համար սկսած դիմակայութեանկը
մասնակցի նաեւ պոլսահայերու
«Նոր զարթօնք» շարժումը:
Անոնք կը պարզեն պաստառներ, որոնց վրայ գրուած են հետեւեալ տողերը.
«Սուրբ Յակոբ հայկական գերեզմանոց. 1551-1939. Մեր գերեզմանը վերցուցիք,
մեր այգին չէք կրնար վերցնել», «Հաւասարութիւն, եղբայրութիւն, խաղաղութիւն, ազատութիւն»:

Ոստիկանութիւնը կը շարունակէ միջամտել, բախումներ ստեղծելով:
Պաշտօնական տուեալներով, դէպքերու սկիզբէն ի վեր (Մայիս 31) կայ միայն 1 մեռեալ եւ 69 վիրաւոր՝ ցուցարարներէն թէ ապահովութեան ուժերէն: Շուրջ 1.000 հոգի ալ ձերբակալուած են: Սակայն ոչ պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն՝ մեռեալներու եւ մանաւանդ վիրաւորներու թիւերը անհամեմատելիօրէն շատ աւելի մեծ են, քան այն ինչ որ կը յայտարարուի իշխանութեան կողմէ: Օրինակ հեռատեսիլի CNN կայանը կը հաղորդէր, թէ վիրաւորներու թիւը գերազանցած է 3.000ի սահմանը:

Ինչպէս յայտնի է, բողոքի այս շարժումին միակ պատճառը վերոնշեալ ծրագիրը չէ, այլ կրօնամէտ կառավարութեան եւ յատկապէս վարչապետ Էրտողանի քմահաճ որոշումներուն պատճառած դժգոհութիւններու կուտակումն է: Ամբոխը հրաժարականը կը պահանջէ այս վերջիններուն: Բայց, բնաւ տեղի տալու նպատակ չունին: Վարչապետը երբեմն-երբեմն ալ կը յիշեցնէ, թէ ժողովուրդին մեծամասնութեան քուէով իշխանութեան գլուխ եկած են ու անդրդուելի կը մնայ իր կեցուածքներուն մէջ, նոյնիսկ յայտարարելով թէ «որեւէ պատգամ չէ ստացած ցուցարարներուն կողմէ»...

Այս զարգացումներէն ետք, Կիւլ ակնարկելով Էրտողանի արտայայտութիւններուն, ըսած է, թէ «ժողովրդավարութիւնը միայն ընտրութիւն չի նշանակեր», որուն Էրտողան պատասխանած է Մարոքէն, ուր կը գտնուէր. «ժողովուրդին կամքը՝ քուէատուփով կը բացայայտուի»: Այս մէկը, քաղաքական երկու «եղբայր»ներու հանրային առաջին վէճը կը նկատուի:

 

«Բոլորս Հրանդ Ենք, Բոլորս Հայ Ենք» Թաքսիմի Ցուցարարները

Թաքսիմ հրապարակին վրայ շարունակուող հակակառավարական ցոյցերուն ընթացքին, ներկաները սկսած են արտայայտուելու նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ «Կեզի» զբօսայգիին մէջ նախապէս եղած հայկական գերեզմանատան մասին: Հոն հաւաքուածները զբօսայգիի ձողերէն մէկուն վրայ փակցուցած են «Հրանդ Տինք պողոտայ» գրութիւնը:

Այլ ցուցարար մը՝ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական քոնկրես»ի անդամ Կարօ Փայլան, դատապարտած է այն իրողութիւնը, որ պետութիւնը Հայկական Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած թուրք ղեկավարներու անուններով փողոցներ եւ դպրոցներ անուանած է: